ՊԸՐՐԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ՓՐԿԵԼ ԱՄԷՆ ՉԱՐԻՔԷ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտինի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանը կղզի չէ եւ ան կ՛ազդուի նաեւ արաբական շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներէն ու ոչ միայն Սուրիոյ իրադարձութիւններէն:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ այս հանգրուանին կարեւոր է Լիբանանի որդեգրած ինքզինք ազատ կացուցելու կեցուածքը:
«Այնքան ատեն որ չենք կրնար դէպքերուն ուղղութիւնը փոխել, ապա պէտք է մենք զմեզ զանց կացուցենք այդ իրադարձութիւններէն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանանի քանդումը ո՛չ լիբանանցիներուն եւ ո՛չ ալ Լիբանանին օգտակար կը հանդիսանայ, հետեւաբար Լիբանանը պէտք է փրկել ամէն չարիքէ:
Պըրրի առաջարկեց որդեգրել դրական չէզոքութիւնը` նկատել տալով, որ լիբանանցիները իսկական արաբներն են, որոնք վերահաստատած են արաբական արեւելքը եւ կրցած են Դիմադրութեամբ ազատագրել Լիբանանի հողերն ու իրաւունքները, որոնց վերջինն էր Լիթանիի ծրագիրը, որուն սկիզբի ազդանշանը արդէն իսկ տրուած է:
«Արաբականութիւնը պէտք է ըլլայ վեր ամէն տեսակի տարակարծութենէ եւ գերզգայնութենէ», ընդգծեց ան:
Նոր եւ մեծ Միջին Արեւելքի ծրագիրին մասին խօսելով` Պըրրի հարց տուաւ, որ կարելի՞ է ժողովրդավարութիւն եւ ազատութիւն հաստատելու կարգախօսին ներքեւ մէկ բանտէն միւսը փոխադրուիլ: Ան շեշտեց, որ այսօր արաբականութեան դէմ դաւադրութիւն կայ, իսկ աւելի ուշ պիտի բացայայտուի նաեւ, որ շրջանին մէջ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն դէմ նաեւ դաւադրութիւններ կան:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմադրողականութեան գաղտնիքը կը կայանայ անոր ազգային միասնականութեան մէջ:
Արաբական աշխարհին մասին խօսելով` Պըրրի ըսաւ, որ յարանուանական լարուածութեան ախտը կը սպառնայ ամբողջ արաբականութեան եւ ոչ թէ այս կամ այն պետութեան` ցաւ յայտնելով, որ իսրայէլեան եւ ամերիկեան կողմեր արաբեւիսրայէլեան տագնապը կրցած են վերածել արաբեւիրանեան տագնապի:
Խորհրդարանի նախագահը դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս անհրաժեշտ է կատարել պետական նշանակումները, յատկապէս քարիւղի պեղման աշխատանքը սկսող յանձնախումբին անդամներուն նշանակումը, ինչպէս նաեւ գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը, այսինքն` հաւասարակշռուած բարգաւաճման իրականացումը:
Անդրադառնալով իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման թղթածրարին` Պըրրի շեշտեց, որ ինք արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ քննարկած է Լիպիա կատարած անոր այցելութեան արդիւնքները: Ան նշեց, որ լիպիացի ղեկավարները ամօթի զգացումով տարուած են, որովհետեւ իմամ Մուսա Սատըրի նման մեծ անձնաւորութիւն մը Լիպիոյ մէջ անհետացած է: Ան նկատել տուաւ, որ իմամ Մուսա Սատըրի հարցը լիպիացիները կը նկատեն նաեւ իրենց ազգային հարցը եւ ճիգ պիտի չխնայեն բացայայտելու համար անոր ճակատագիրը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ:


