ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս երէկ ստորագրեց կառավարութեան կողմէ վաւերացուած աշխատավարձերու յաւելման որոշումը, սակայն մերժեց ստորագրել փոխադրածախսի որոշումը` նկատելով, որ անիկա Պետական շուրայի որոշումներուն հետ կը հակադրուի:

Կը նախատեսուի, որ այսօր առաւօտեան Նահհաս հանդիպում մը ունենայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Միւս կողմէ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը գումարեց նիստ մը, նախագահութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:

Նիստէն ետք համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց հրապարակելու աշխատավարձերու յաւելման կառավարութեան որոշումը, պայմանաւ որ սակայն անիկա չորս ամսուան յետնեալներ ընդգրկէ:

Համադաշնակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը շարունակէ իր աշխատանքը եւ ճշդէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սղաճը, եւ կարելի ըլլայ այդ համեմատութեան հիման վրայ ճշդել նուազագոյն աշխատավարձը:

Համադաշնակցութիւնը իր գործադիր խորհուրդը նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ հինգշաբթի օր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES