ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԱՇԽԱՏՈՂԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Դատական համակարգի աշխատողներու հետ հանդիպման պահուն

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ մասնակցեցաւ Դատական համակարգի աշխատողի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկին եւ շնորհաւորեց այդ մարզին ներկայացուցիչները իրենց մասնագիտական տօնին առիթով:

Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Արցախի բնականոն զարգացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ չափազանց կարեւոր է դատական համակարգի դերը եւ անոր իւրաքանչիւր աշխատակիցի կատարած աշխատանքը: Բակօ Սահակեան կառոյցին նկատմամբ վստահութիւնը նկատեց պետութեան մէջ օրէնքի գերակայութեան, քաղաքացիի իրաւունքներուն եւ արդարութեան պաշտպանութեան ամէնէն իրական չափանիշներէն մէկը:

Նախագահը նշեց, որ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին հանրապետութեան դատական համակարգին մէջ իրականացուեցան լուրջ բարեփոխումներ, որոնք շօշափելի ազդեցութիւն ունեցան այդ համակարգին գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման վրայ: Միեւնոյն ժամանակ, նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ համակարգին մէջ տակաւին շատ ընելիքներ կան: Այս պարագային առանցքային նշանակութիւն ունին դատաւորներու բարձր բարոյական եւ մասնագիտական յատկանիշները, մարդուժի ճիշդ քաղաքականութիւնը, դատաւորներու վերաորակաւորումը եւ փորձի փոխանակումը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան վստահեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը շարունակեն մնայուն ուշադրութեան կեդրոն դարձնել համակարգի գործունէութեան ըստ ամենայնի աջակցելու, դատաւորներու աշխատանքային եւ ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES