ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ ԸՆԴԳՐԿՈՂ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ` ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Երէկ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախաձեռնած համաժողովը` նուիրուած 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելուն:
Համաժողովին մասնակցեցան Հայաստանի քաղաքական դաշտի գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչները` թէ՛ ընդդիմադիր, թէ՛ իշխանական: Բացի նախաձեռնող կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, ներկայ էին նաեւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Նայիրա Զոհրաբեան եւ Վարդան Բոստանջեան, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն` Յովհաննէս Սահակեան, իսկ Օրինաց Երկիր կուսակցութենէն` Յովհաննէս Մարգարեան եւ Գագիկ Բաղդասարեան:
Արտախորհրդարանական ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսէն ներկայ գտնուեցան Լեւոն Զուրաբեան եւ Վլատիմիր Կարապետեան:
Անդրադառնալով իշխանական թեւէն հնչող ելոյթներուն` Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ իր մօտ այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, որ իշխանութիւնը կը փորձէ տիտանական աշխատանք կատարել, ընել անկարելին` արդար ընտրութիւններ կազմակերպելու համար:
«Բայց պէտք չէ այդպէս տանջուիլ: Առանձնապէս այդպիսի բեռ վերցնելը չ՛արժեր, ուղղակի պէտք է ժամանակին ընտրական ծիրի մէջ ընդունիլ ընդդիմութեան առաջարկները, որոնք ոչ միայն խորհրդարանական, այլեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ կը ներկայացուին, որուն վկայութիւնը այսօրուան դահլիճն է», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով հակափաստարկներուն, թէ օրինակ` Ռուսիոյ մէջ ընդունած են 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգը եւ հիմա զղջացած են, իսկ յաջորդ ընտրութիւններուն այդ դրութիւնը պիտի փոխուի, Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ մեծ տարածքով եւ մեծ բնակչութեամբ երկիրներուն համար 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգը մէկ խնդիր կը յառաջացնէ. համամասնական ընտրակարգով ընտրուածները հեռու են ընտրողէն, ընտրողին հետ յարաբերութիւններ չկան եւ արդիւնաւէտ չեն: Ըստ անոր, Հայաստանը փոքր երկիր է եւ այդ փաստարկը Հայաստանի պարագային չի գործեր, քանի որ դժուար չէ տարածքային առումով կապը պահպանել ընտրողին հետ: Ան շեշտեց, որ հետեւաբար այդ խնդիրը չի կրնար խոչընդոտ դառնալ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու ճամբուն վրայ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնելու գաղափարին շուրջ տարակարծութիւններ գրեթէ չկան:
Ան նշեց, որ եթէ քաղաքական հիմնական դերակատար ուժերը սկզբունքօրէն համաձայն են բացարձակ համամասնական ընտրակարգին, ուրեմն ինչո՞ւ հիմա ատիկա չկատարել: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը հիմա այդ քայլը չի կատարեր: Ան նշեց, որ մեծամասնական ընտրակարգը եղած է գործիք իշխանութիւններու վերարտադրման եւ ընդդիմութիւնը դուրս մղելու համար: Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուող բոլոր պատգամաւորները իշխանութիւններու յենարան եղած են: «Եթէ չէք ուզեր այս վիճակը փոխել, ուրեմն ձեր թիւ մէկ խնդիրը վերարտադրուիլն է: Այս իրավիճակը նման է անոր, որ բոլորս պէտք է դուրս գանք 131 մ մրցավազքին եւ ըսենք, որ եկէք նոյն տեղէն սկսինք, բայց իշխանութիւնը կ՛ըսէ` ոչ, մենք պէտք է 41 մ առաջ երթանք, այնտեղէն նոր սկսինք: Ասիկա անարդար մրցակցութիւն է», ըսաւ ան:
Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ եթէ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կարելի չըլլայ կատարել այդ փոփոխութիւնը, ապա պէտք է ընտրութիւններու հասարակական վերահսկողութիւնը ընդլայնուի եւ առանձին մարտավարութիւն մշակուի մեծամասնական ընտրատարածքներուն համար:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Յակոբեան նշեց, որ իսկապէս հիմնական ոճիրը, հիմնական կեղծիքները կը կատարուին մեծամասնական ընտրաշրջաններուն միջոցով, եւ կարծես թէ շատ բացայայտ համաձայնութիւն կայ. իշխանութիւնը բացայայտ կարելիութիւն կը ստեղծէ այդ ընտրատարածքներուն մէջ թեկնածուներուն համար, որոնք ապաքաղաքական տարրեր են, անոր փոխարէն անոնք իշխանութեան համամասնական ցուցակներուն համար համապատասխան ձայներ կ՛ապահովեն:
Իր ելոյթին մէջ Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան, վերահաստատելով, որ քոնկրեսը կ՛ողջունէ ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան միացեալ առաջարկը, յայտնեց, որ այս հարցերու լուծման նպատակով քոնկրեսը ծրագրած է 17 փետրուարին համապետական հանրահաւաք կատարել: Ըստ անոր, հանրահաւաքը նախատեսուած է այն օրերուն, երբ Ազգային ժողովին մէջ առաջարկը պիտի քննարկուի:


