ՆԻՔԻԹԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ «ՖՈՒԹՊՈԼԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Մէջբերելով sovsport.ru կայքէջին խօսքերը` PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ հայրենական ֆութպոլի առասպել Նիքիթա Սիմոնեան տիրացաւ «ֆութպոլին մէջ մարդկութեան համար» մրցանակին: Անոր հետ միասին այդ մրցանակին տիրացան նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր եւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի:
Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ ռուսական ֆութպոլի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան Միհայլովի թատրոնին մէջ:
Sportbox.ru կը մէջբերէ Սիմոնեանի հետեւեալ խօսքերը. «Իսկապէս, ասիկա ինծի համար մեծ անակնկալ մըն էր, որովհետեւ նմանօրինակ մրցանակի մը ինծի տրուիլը չէի նախատեսեր: Ինծի նման շատերն ալ անոր արժանի են: Նամանաւանդ Լեւ Եաշին, որուն յետմահու այս մրցանակը կը յանձնէի ես»:
CATEGORIES Մարզական


