ԹԵՆԻՍ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ 8 ՀԱԶԱՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ՏՈՒԳԱՆՔԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

Դաւիթ Նալպանտեան

Երէկ, Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանեան 8 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան ամերիկացի Ճոն Այզնըրէն իր կրած պարտութենէն ետք (Բ. հանգրուան) ջուր թափած էր մրցաշարքին կազմակերպիչներէն կարգ մը անձերու վրայ` չկարենալով զսպել իր զայրոյթը, մանաւանդ որ օրուան իրաւարարը կատարած էր սխալ մը` ի հեճուկս Նալպանտեանի:

30 տարեկան Նալպանտեանի այդ արարքը նկատուեցաւ ոչ մարզավայել կեցուածք:

 

Share this Article
CATEGORIES