ՄԱՐՔՈՍ ՓԻՑԵԼԼԻ. «ԵՐԱԶՍ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ 2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻՆ»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ վերջերս Մեթալուրկ Տոնեցքէն փոխանցուեցաւ Քուպան Քրասնոտարի, ըսաւ, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հայկականէն աւելի զօրաւոր ըլլալով իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի լաւ արդիւնք արձանագրէ: Այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը:
Ան ըսաւ, որ ինք չի կրնար ուրանալ այն իրականութիւնը, որ ինք յաջողութեան հասաւ շնորհիւ Հայաստանի, եւ այդ իսկ պատճառով կ՛ուզէ իր առաւելագոյնը տալ անոր հետ:
Փիցելլի կ՛եզրափակէ ըսելով, որ իր երազն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ մասնակցիլ 2014-ի Մոնտիալին` բնականաբար զտումի մրցումներուն լաւ արդիւնքներ արձանագրելէ ետք:
CATEGORIES Մարզական

