ՄՈԹՈՐՍԱՅՔԼԻՆԿ. 2011 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Լուսանկարը` PROFOTO

Ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Իմարա» ճաշարանին մէջ (Ժըտէյտէ), Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնը կատարեց 2011 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:

Նշենք, որ 2011-ին առաջին տարին ըլլալով էր, որ տեղի կ՛ունենար մոթորսայքլինկի ախոյեանութիւնը: Տեղի ունեցան չորս հանգրուանի մրցումներ, երկուքը Պէյրութի, իսկ մնացեալ երկուքը` Ֆալուղայի եւ Պաթրունի մէջ:

Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ մասնակցողներուն թիւէն թէեւ բաւական գոհ մնացած են, սակայն 2012-ին կ՛ակնկալեն շատ աւելի մասնակցողներ:

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, կազմակերպիչները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ տեղական մամուլին, որուն շնորհիւ բոլորը տեղեակ կ՛ըլլան այս ախոյեանութեան մանրամասնութիւններէն:

 

Share this Article
CATEGORIES