50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

ՄԱՅՐ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ
5000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՐ ՆՈՒԷՐԸ

«Հայրենիք»-ի մէջ (18 յունուար) կը կարդանք.-Ծանօթ է մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն` մայր Սոֆիա Յակոբեանի 10,000 տոլարի նուիրատուութիւնը Հայ օգնութեան միութեան, անցեալ տարի:

Կարեւոր այդ նուիրատուութեամբ` հիմը դրուած էր «Հայ օգնութեան միութեան Լեւոն Յակոբեան եւ Սոֆիա Յակոբեան յիշատակի ֆոնտին», որով կ՛առաջադրուէր արդար յաւերժացումի արժանացնել բարի անունը հայրենասէր եւ ազգանուէր հայուն` ողբացեալ Լեւոն Յակոբեանի:

Այժմ մայր Սոֆիա Յակոբեանի 5000 տոլարի նոր նուիրատուութեամբ այդ ֆոնտին հիմնադրամը կը բարձրանայ 15,000 տոլարի:

ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԸ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ

Կեսարիայէն 10 յունուար թուականով կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին.-

Այս տարուան Ս. Ծննդեան տօնին թէեւ ձիւն ու բուք չունէինք, սակայն սաստիկ ցուրտ կար: Այսուհանդերձ դարձեալ առտուան ժամը չորսուկէսին զանգակի ղօղանջումներուն ի լուր հաւատացեալներ խումբ առ խումբ ժամանեցին եկեղեցի, որ մինչեւ Ս. պատարագի սկզբնաւորութիւնը լեցուած էր ամբողջովին:

Ս. պատարագը սկսաւ ժամը 7:00-ին:

Հակառակ սաստիկ ցուրտին, Թալասի, Կիկիի եւ Կեմերեկի հայերէն մինչեւ Կեսարիա եկողներ կային, ծննդեան եւ ճրագալոյցի պատարագներուն եւ ջրօրհնէքի հոգեզմայլ երգեցողութեանց եւ սրբազան արարողութեանց ներկայ գտնուելու համար:

«Հայ Մեր»-ի ժամանակ երկարամեայ մեր ժրաջան հոգեւոր հովիւ տ. Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին գեղեցիկ  քարոզ մը խօսելով` հոգեկան սփոփանք պատճառեց ժողովուրդին:

5 յունուար 1962, ուրբաթ իրիկուն, Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագի միջոցին սուրբ հաղորդութեան մօտեցան հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնք շաբաթէ մը ի վեր ծոմապահութիւն եւ պահեցողութիւն կատարած էին:

ՃԱՏՐԱԿ

Տիգրան Պետրոսեան եւ Կրիկորիչ (Եուկոսլաւիա) 12,5 կէտով Գ. հանդիսացան Եուկոսլաւիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցումին: Առաջին եւ երկրորդ տեղերը գրաւեցին Միխայիլ Տալ (Խորհրդային Միութիւն) եւ Ռ. Ֆիշըր (Միացեալ Նահանգներ):

ՊՈԼՍՈՅ  ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՄՕՏ

ԿԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ
ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ՀԱՑԻ ՏԱԳՆԱՊՈՎ

«Մարմարա» (17 յունուար) կը գրէ.-

Այս առաւօտ ժամը 11:00-ին Շնորհք պատրիարք Գալուստեան, ընկերակցութեամբ Արամ քահանայ Պասմաճեանի, Կարապետ Ղազարեանի եւ Եդուարդ Պեզազի, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, այցելեց քաղաքիս կուսակալ  զօր. Ռեֆիք Թուլկայի եւ մօտ կէս ժամ շատ սիրալիր տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ:

Նորին ամենապատուութիւնը եւ իր ընկերակիցները ժամը 11:30-ին հրաժեշտ առին կուսակալէն եւ մեկնեցան:

Պատրիարքարանի կողմէ այդ առիթով հրատարակուած պաշտօնական զեկոյցի մը համաձայն, պատրիարքը հետաքրքրուած է Արեւելեան Անատոլուի մէջ տիրող ուտելիքի տագնապով, եւ իր կողմէ այդ նպատակին համար որոշ գումար մը յանձնած է կուսակալին: Յետոյ պատրիարքը կոչ կ՛ուղղէ թրքահայութեան, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք իր կարողութեան համաձայն մասնակցի հանգանակութեան:

ԶԱՐՈՒՀԻ ԴՈԼՈՒԽԱՆԵԱՆ
ԱՄԵՐԻԿԱ Կ՛ԵՐԹԱՅ

Աշխարհահռչակ երգչուհի Զարուհի Դոլուխանեան 1962-ի մօտերս Ամերիկա կը հասնի Ս. Հուրոք ընկերոթեան նախաձեռնութեամբ երգահանդէսներ տալու զանազան քաղաքներու մէջ:

Նիւ Եորքը առաջին հիւրընկալողը պիտի ըլլայ մեծանուն երգչուհիին, որովհետեւ առաջին երգահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Քառնեկի հոլ»-ին մէջ, յունուար 26, ուրբաթ երեկոյ ժամը 8:45-ին, Լոս Անճելըս:

Նիւ Եորքի երաժշտասէր հասարակութիւնը, որ երկու տարի առաջ «Թաուն հոլ»-ի ու «Քառնեկի հոլ»-ի զոյգ երգահանդէսներուն ունկնդիր եղաւ Դոլուխանեանի երգերուն, մեծ անհամբերութեամբ կը սպասէ 26 յունուարին, որովհետեւ այդ միակ երգահանդէսն է Դոլուխանեանի:

ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԷՆ

Երուսաղէմի մէջ ամսոյս 18-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ տօնուեցաւ Ս. Ծնունդը:

Ինչպէս հաղորդուած էր, Քրիստոսի ծննդեան վայրին մէջ տեղի ունեցող արարողութիւնները ձայնասփռուեցան Յորդանանի ձայնասփիւռի կայանէն: Խօսնակը նախ արաբերէնով, յետոյ անգլերէնով եւ հայերէնով բացատրեց օրուան արարողութեան իմաստը եւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ:

Արարողութեանց նախագահեց Եղիշէ պատրիարք, որ «Խորհուրդ մեծ»-էն ետք խօսեցաւ Ս. Ծննդեան գեղեցիկ եւ իմաստալից իր քարոզը:

Share this Article
CATEGORIES