ԱՐԱ ԱԶԱՏԻ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ «ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ԳԻՐՔ»-ԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԳԻՐՔԻ ՄԱԿԱԳՐՈՒՄ
Երէկ` կիրակի, 22 յունուարի երեկոյեան «Պիէլ»¬ի «Փավլիոն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի եւ գրականութեան իւրայատուկ հանդիպում, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Սաատ Պըն Մոհամետ «Քիլ ուա… ռուտիտաթ» գիրքի մակագրութիւն եւ արուեստագէտ Արա Ազատի կողմէ պատրաստուած «Արուեստագէտի գիրք»¬երու (Արթիսթ պուք) եւ այլ արուեստի գործերու ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան ընթերցումներ մակագրուած գիրքէն, սրահին անկիւններէն մէկը յատկացուած էր գծագրութեան, երաժշտութիւնը կը հնչէր եւ կը տիրէր արուեստի տարբեր մարզերու ու գրականութեան միախառնումէն ծնունդ առած ուրոյն մթնոլորտ:
Նկատի ունենալով, որ գիրքը կը ներկայացուի երեք տարբեր երկիրներու` Լիբանանի, Տուպայի եւ Ժետտայի մէջ, Արա Ազատ պատրաստած էր իւրաքանչիւր երկրի յատուկ Արուեստագէտի գիրք, որոնց մէջ կ՛արտացոլար գիրքն ու տուեալ երկիրը: Այդ երեք «գիրքերը» ցուցադրուած էին երէկուան ձեռնարկին` մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով ներկաներուն մօտ:
Այս ձեռնարկին մասին «Ազդակ»¬ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին արուեստագէտ Արա Ազատ ըսաւ, որ նոր հրատարակուած գիրքը երկու մասէ կը բաղկանայ, առաջինը հաւաքածոյ է գրութիւններու, որոնց հեղինակներուն մեծամասնութեան ինքնութիւնը անյայտ է, իսկ երկրորդ բաժինով անդրադարձ եւ մեկնաբանութիւն կը կատարուի այդ գործերուն: «Ուրեմն գիրքը խորքին մէջ երկու երես ունի` յայտնի եւ անյայտ. անծանօթը կը ներկայացուի մենիքեններու ճամբով, իսկ ծանօթը մենք ենք` ներկաներս: Մենիքեններուն քով կան այլ մոտելներ, որոնք անոնց հետ կապի մէջ են: Իսկ որովհետեւ ծանօթ բաժինին հիմնական նիւթը անծանօթն է, հետեւաբար մենիքեններուն վրայ զետեղուած կտաւներուն վրայ գիրքէն կտորներ կան: Կան նաեւ այլ տուեալներ, որոնք գրողը կը մարմնաւորեն: Օրինակ` գրողը երաժշտութեամբ կը զբաղի, կը գծէ, արուեստի հաւաքորդ է, իսկ արուեստի գործերը կը վերաբերին գրողի մը գրադարանին, անոր սեղանին: Դարերու ընթացքին ձայնին արտայայտութեան ձեւը փոխուած է, բայց միշտ ալ կան ճզմուած թուղթերը, բոլոր ժամանակներուն, այդ պատճառով ալ նման արձաններ կան: Կայ նաեւ ժողովուրդին ձայնը, որ կ՛արձագանգէ, եւ կայ կենդանի երաժշտութեան մատուցումը»:
Ըստ Արա Ազատի, Պէյրութի վերաբերող «Արուեստագէտի գիրք»-ին պատուհանը բաց է, որովհետեւ պէտք է Պէյրութը տեսնենք: Հետաքրքրական է, որ գործը արտայայտուած է հայելիներով. այս մասին խօսելով` Արա Ազատ նշեց. «Հայելիներով, որովհետեւ Պէյրութը մէկ ինքնութիւն չունի, տարբեր քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու համախմբում է, գիրքը ինքնին տարբեր բաժիններու միացումով է, որ կ՛ամբողջանայ: Փայլուն է, որովհետեւ որեւէ երկրի պէս, ինչ հետք որ կը ձգես վրան, հայելիի պէս կ՛արտայայտէ»:
«Արուեստագէտի գիրք»-երուն մէջ կան նոր հրատարակուած գիրքէն յատկանշական տողեր, բառեր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին մէջ կայ տուեալ երկրի իւրայատկութիւնն ու ինքնութիւնը ցոլացնող խորհրդանիշեր:
Հետաքրքրական ցուցահանդէս մը եւ իւրայատուկ մշակութային մթնոլորտ մը, ուր յատկանշական է հայ արուեստագէտին ներկայութիւնը, ներդրումը եւ անոր իւրայատուկ գործերու մատուցումը տարբեր մշակոյթներու, արուեստի աշխարհներու եւ ազգերու:

