ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ 92-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ` ՆՈՐ ՄԱՐԱՇԻ ԵՐԵՔ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Մարաշի աղէտին 92-րդ տարելիցին առիթով, երէկ` կիրակի, 22 յունուարին Նոր Մարաշի երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ պաշտամունք եւ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ ու հոգեհանգստեան պաշտօն` մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Վարդան աբղյ. Թաշճեան:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ օրուան պատգամը փոխանցեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Այս առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:




