ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ԻՐ ԴԷՏԵՐԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷԿ ԱՄԻՍՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

Արապի եւ Քաթարի վարչապետը

Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարաց յանձնախումբը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան մէկ ամիսով երկարաձգումը պահանջեց: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ արաբ դէտերու առաքելութեան ղեկավար Մոհամետ Ահմետ Տապի ժողովի ընթացքին պահանջած է դէտերու առաքելութիւնը երկարաձգել: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը  Նեպիլ Արապի յանձնախումբի ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ «արաբ դէտերու անվտանգութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ անոնց փոխադրութիւնը ապահովելու պատասխանատուն Սուրիան է»` դարձեալ շեշտելով, որ Սուրիա պէտք է բռնի ուժի կիրարկումը դադրեցնելու առնչութեամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնը գործադրէ:

Ժողովի ընթացքին սուրիացի ցուցարարներ պաշարած էին Արաբական լիկայի կեդրոնատեղին եւ բարձրացուցած պաստառներ, որոնք կոչ կ՛ուղղէին արաբ դէտերու առաքելութեան անմիջապէս վերջ տալու եւ սուրիական թղթածրարը փոխանցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` նշելով, որ Արաբական լիկան ձախողեցաւ սուրիացի ժողովուրդին պաշտպանութիւնը ապահովել եւ կոչ ուղղելով, որ լիկան դադրի այս հարցով զբաղելէ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիա որոշած է իր դէտերը Սուրիայէն տուն կանչել: Ան միջազգային եւ իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղեց Սուրիոյ նկատմամբ իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու, ինչպէս նաեւ «ճնշում բանեցնելու Սուրիոյ վրայ` ստիպելու համար, որ ան Արաբական խաղաղութեան ծրագիրին յանձնառու մնայ»: Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ որոշումը եւ կոչ ուղղեց սուրիական տագնապի թղթածրարը փոխանցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

Նախքան այս յայտարարութիւնը, սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Սէուտ Ֆայսալ իշխան առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ Ազգային խորհուրդէն պատուիրակութեան մը հետ, որուն մաս կը կազմէր նաեւ անոր ղեկավարը` Պուրհան Ղալիուն: Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոնք քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը` բռնարարքներու եւ սպանութեանց շարունակման լոյսին տակ: Ըստ նշեալ լրատու գործակալութեան, Ֆայսալ իշխանը մտիկ ըրած է Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին Սուրիոյ կացութեան հետ վարուելու պատկերացումին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հաստատեց, որ իր երկիրը զօրավիգ պիտի կանգնի Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարական յանձնախումբի ժողովէն բխած որեւէ որոշումի: Ան նշեց, որ «Թուրքիա Արաբական լիկային հետ սերտ խորհրդակցութեանց մէջ է, սակայն եթէ շրջանային նախաձեռնութիւնը անկարող է Սուրիոյ մէջ արեան բաղնիքը դադրեցնելու արդիւնքին հասնելու, ապա բնական է, որ հարցը վերածուի միջազգային եւ ՄԱԿ-ի ուշադրութեան արժանի մարդասիրական հարցի»: Ան յոյս յայտնեց, որ հարցը այդպիսի ընթացք մը չառնէ, եւ սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեց «իր ժողովուրդին դէմ անիրաւ պատերազմը դադրեցնելու»` նշելով, որ սուրիական հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար երեքշաբթի օր Ռուսիա պիտի այցելէ:

Մինչ այդ, սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վերջին դէպքերուն պատճառով ձերբակալուածներէն մինչեւ օրս ազատ արձակուածներուն թիւը հասած է 5255-ի:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր յայտարարեցին, որ Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական կացութեան պատճառով կը մտադրեն մինչեւ ամսուան վերջը Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատունը փակելու որոշում մը տալ:

Share this Article
CATEGORIES