ԶԻՆՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԵՆ ԼԻՊԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ, երկրի նոր իշխանութիւններուն գործունէութենէն դժգոհ շուրջ երկու հարիւր զինուած ցուցարարներ ներխուժած են Ազգային փոխանցման խորհուրդի կառավարական շէնք:
Ըստ ցուցարարներուն, ժամանակաւոր իշխանութիւնները որդեգրած են շարք մը ընտրական օրէնքներ, առանց հանրային քննարկումի եւ ոչ ժողովրդավարական ձեւով:
Ցոյցերուն մասնակիցներէն իրաւաբան Թամիր Ճահան «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ «ընտրական օրէնքները մեծամասնութեան զօրակցութիւնը չեն ստացած եւ չեն յարգեր այն անձերը, որոնք իրենց կեանքը տուին ազատութեան համար»: Այլ ցուցարար մը` Ահմետ Պորաս յայտարարած է, որ «մենք չենք ուզեր մէկ բռնապետ փոխարինել այլ բռնապետով մը: Կը կարծենք, որ այդ մարդիկը (Ազգային փոխանցման խորհուրդի անդամները) Քազզաֆիէն տարբեր չեն եւ կը խօսին ուժի լեզուով»:
Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդէն անանուն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ցուցարարները խորհուրդի կեդրոնատեղիին վրայ յարձակում գործելով քանդած են անոր գրասենեակները, իսկ ականատեսներ յայտնեցին, որ նախկին ըմբոստներու ջոկատ մը փորձած է խորհուրդը պաշտպանել եւ անոր նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլը եւ այլ անդամներ շէնքէն դուրս բերել:
Ապտել Ժալիլ փորձած է ցուցարարները հանդարտեցնել, սակայն վերջիններս խորհուրդի հասցէին վարկաբեկիչ կանչերով դիմաւորած են զինք եւ շէնքին վրայ դատարկ շիշեր նետած: Նախկին ըմբոստներու ջոկատը փորձած է շէնքին շուրջ ապահովական գօտի ստեղծել, սակայն ցուցարարները, որոնց թիւը բարձրացած է շուրջ երեք հազարի, պաշարած են շէնքը եւ անոր մէջ գտնուողներուն արգելք հանդիսացած, որ դուրս գան: Ըստ ԱՖՓ-ի ցուցարարները յաջողած են շէնք ներխուժել «Զենթանի նահատակներ»-ու ջոկատին օժանդակութեամբ:
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Ազգային փոխանցման խորհուրդի փոխնախագահ Ապտել Հաֆիզ Ղուքա իր հրաժարականը ներկայացուցած է: Ան վերոնշեալ դէպքէն երկու օր առաջ Պենկազիի համալսարանի շարք մը նահատակներու մեծարման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու համար համալսարան ուղղուելու ընթացքին խոշտանգուած էր եւ հայհոյանքներու տարափի ենթարկուած:
ԱՖՓ երէկ Ազգային փոխանցման խորհուրդի անդամ մը վկայակոչելով հաղորդեց, որ Լիպիոյ մէջ ընտրական օրէնքի որդեգրումը յետաձգուած է: Լիպիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են յունիսին:
Նշենք, որ Պենկազի քաղաքի ցուցարարները իշխանութիւններէն նաեւ կը պահանջեն իսլամութիւնը որդեգրել իբրեւ պետական կրօն: Ցուցարարները կը պնդեն, որ այս հարցին շուրջ նոյնիսկ հանրաքուէ կատարելու կարիք չկայ:


