ՍԻՊԵՐԻԱԿԱՆ ՑՈՒՐՏԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ԻՐԱՔ ԵՒ ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐ
Սիպերիայէն ներթափանցած ցուրտ հոսանքներուն պատճառով Իրաքի հիւսիսային եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ արտասովոր ցուրտ է: Շաբաթ գիշեր օդի ջերմաստիճանը հասած է -5 աստիճանի, իսկ առաւօտեան 0-էն չէ բարձրացած:
Սովորաբար 50 աստիճանի տաքութիւն ունեցող երկրին մէջ ցուրտերը կաթուածահար ըրած են կեանքը: Պաղտատի փողոցները դատարկուած են, թափառող առեւտրականները բացակայ են, իսկ մարդիկ վառելանիւթ կը փնտռեն տաքնալու համար:
Շաբաթ օր դպրոցականներու ծնողները դիմած են երկրի կրթութեան նախարարութիւն` կիսամեայ քննութիւնները յետաձգելու խնդրանքով: Սակայն նախարարութիւնը չէ ընդառաջած անոնց խնդրանքին, հակառակ անոր որ դպրոցներու մեծ մասը ջեռուցում չունի:
Ցուրտի արտասովոր ալիքը հարուածած է նաեւ Ծոցի արաբական երկիրները: Սէուտական Արաբիոյ կարգ մը քաղաքներ մատնուած են Պաղտատի կացութեան:
Կը նախատեսուի, որ կլիմայական վատ պայմանները շարունակուին այսօր եւս:


