ՍԵՄՆԵՊԻ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԶԲԱՂԻԼ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան նախկին յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի Միացեալ Նահանգներու Մարշալի գերմանական հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող նշանակուած է:
Սեմնեպի հիմնադրամին մէջ պիտի զբաղի Հարաւային Կովկասի, Սեւ ծովու եւ Ռուսիոյ հարցերով:
Սեմնեպի Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը վարած էր 2006-էն 2011:
CATEGORIES Միջազգային

