ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ. «ՉԵՆՔ ՓԱՓԱՔԻՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՃԱԿԱՏԻԼ, ՍԱԿԱՅՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ…»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը չի փափաքիր Իսրայէլի հետ պատերազմիլ, սակայն որեւէ ներխուժման սանձազերծումի պարագային, Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է ճակատելու թշնամիին հետ:

Ռաատ շեշտեց, որ իրենք Իսրայէլը լաւ կը ճանչնան` աւելցնելով, որ եթէ Իսրայէլ երաշխաւորած ըլլար, թէ ինք կրնայ նուազագոյն յաջողութիւնը արձանագրել Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի մը ընթացքին, ապա չէր զլանար նոր պատերազմ մը շղթայազերծել:

«Սակայն Իսրայէլ իր կարգին քաջ գիտէ, որ նման որեւէ յիմար որոշում կրնայ սպառնալ իր գոյութեան», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը անշեղ կը մնայ իր առաջնահերթութենէն, որն է իսրայէլացիներուն դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ շրջանին սպառնացող դաւադրութեան ընդդիմանալը: Ան ընդգծեց, որ իրենց համար յստակ է, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը վարչակարգը չէ որ թիրախ կը դարձնէ, այլ` Սուրիոյ դերակատարութիւնը եւ Դիմադրութեան շարժումներուն նկատմամբ անոր զօրակցութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES