«ՖԵՆԻՍԻԱ»-Ի ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑ «ԷՐՊԱՍ 320» ՏԻՊԻ ՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ «ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ»-Ի ՄԻԱՆԱԼՈՒՆ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց «էրպաս 320» տիպի 15-րդ օդանաւուն «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան միանալուն յատուկ ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ տնտեսական, ելեւմտական, կրթական եւ ընկերային բնոյթի պետական հաստատութիւնները կարիքը ունին բարեկարգումի: «Եթէ այդ թերացումը արձանագրուած է քաղաքական տարակարծութիւններուն պատճառով, ապա բոլոր պատասխանատուները պէտք է գիտակցին իրենց պատասխանատուութիւններուն եւ պէտք է վերջ տան բարեկարգումները գործադրելու հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներուն ու անցնին աշխատանքի, որպէսզի լաւագոյնս ծառայեն լիբանանցիին` արդի եւ զարգացած մեթոտներով», ըսաւ ան:
Նշենք, որ վարչապետարանին մէջ Միքաթի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անունով «Էրպաս» ընկերութեան գործադիր նախագահ Թոման Էնտըրզը պարգեւատրեց «Քոմոնտոր» աստիճանի Մայրիներու ազգային շքանշանով:
Պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, «Միտլ Իսթ» ընկերութեան նախագահ Մոհամետ Հութ եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանանի դիւանագիտական անձնակազմի նշանակումներուն թղթածրարին վերջին հանգրուանը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ վարչապետին յանձնեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Մար Մարոնի տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Պքերքէի հետ Միքաթիի յարաբերութիւնները հեզասահ կ՛ընթանան եւ ոչ մէկ տարակարծութիւն կայ անոնց միջեւ: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ վարչապետը եւ Պքերքէ կը խորհրդակցին եւ կը գործակցին` ապահովելու համար Լիբանանի ազգային գերագոյն շահերը:


