ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՐ ՌՈՒՔՈԶԻ ՎԱՆՔԸ

Նախագահ Սլէյմանը` Անտոնեան միաբանութեան մեծաւորին եւ վանականներուն հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ օր այցելեց Տեքուանէի Մար Ռուքոզի վանքը, ուր ընդունուեցաւ Մարոնիական անտոնեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Տաուտ Ռաայտիի կողմէ:

Նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ այդ միաբանութեան հիմնադրութեան առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին հայր Ռաայտի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին, որ ներկայ գտնուեցաւ միաբանութեան հիմնադրութեան առիթով մատուցուած պատարագին:

Հայր Ռաայտի նշեց նաեւ, որ նախագահ Սլէյման կը մարմնաւորէ Լիբանանի մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը:

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Նախագահ Սլէյման վանքի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրեց, որ այս միաբանութիւնը Լիբանանի համար կարիք մըն է, որուն ընդմէջէն երկիրը ինքն իր նկատմամբ հաւատարիմ կը մնայ եւ յանձնառու` իր արժանիքներուն:

Share this Article
CATEGORIES