ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ԳԵՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹՈՎ ԵԼՈՅԹ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ

Կարէն Նազարեան ելոյթ կ՛ունենայ

19 յունուարին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Հարաւային Ափրիկէի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ քննարկում մը` նուիրուած օրէնքի գերակայութեան նիւթին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿևի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Կարէն Նազարեան:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ օրէնքի գերակայութեան խրախուսումը միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման ու ամրապնդման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն, քանի որ անոնց եւ մասնաւորաբար ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարումը պատճառ կը դառնայ շրջանային տագնապներու:

Կարէն Նազարեան նաեւ նշեց, որ իր կարգին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պահպանումը կարեւոր է օրէնքի գերակայութիւն ապահովելու համար ինչպէս տագնապին, այնպէս ալ յետտագնապային իրավիճակներուն մէջ` վերահաստատելով, որ այս ծիրին մէջ առանձնակի ուշադրութիւն պէտք է դարձնել քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրներուն:

Դեսպան Նազարեան անդրադարձաւ նաեւ անպատժելիութեան հարցին եւ ողջունեց այն փաստը, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը շարունակէ իր գործունէութեան կեդրոնը պահել պետութիւններու պատասխանատուութիւնը անպատժելիութեան վերջ տալու, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան նկատմամբ ոճիրներ գործած անձերու նկատմամբ հետաքննութիւն կատարելու եւ զանոնք պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցերը:

Կարէն Նազարեան նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն կէտին վրայ, որ օրէնքի գերակայութեան հասկացողութիւնը կը մերժէ ուժով կառավարումը եւ ուժի կիրարկումը` աւելցնելով, որ յետտագնապային շրջանին մէջ ուժ չկիրարկելու սկզբունքի պահպանումը կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, արդարութեան եւ ապահովութեան միտուած բարենպաստ միջավայր ստեղծելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES