ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ
Ֆրանսայի ծերակոյտը այսօր պիտի քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ որդեգրուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ: Օրինագիծը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին համար մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եւրոյի տուգանքի պատիժ մը կը սահմանէ:
Օրինագիծի քննարկումէն երկու օր առաջ Եւրոպայի թրքական ամբողջ համայնքը զօրաշարժի ենթարկուած է. Եւրոպայի մէջ ապրող թուրքերը օրինագիծի որդեգրումը արգելակելու համար շաբաթ օր Փարիզի կեդրոնին մէջ սկսան ֆրանսացի ծերակուտականներուն վրայ ճնշում բանեցնելու վերջին բազմամարդ ճիգերը գործադրելու:
Թուրքեր շուրջ հինգ հարիւր փոխադրակառքերով Գերմանիայէն, Հոլանտայէն, Բրիտանիայէն եւ Պելճիքայէն եկած են Փարիզ: Կազմակերպիչները կը յայտարարեն, որ շուրջ 35 հազար, իսկ ֆրանսական ոստիկանութիւնը` 20 հազար ցուցարարներ ներկայ են Փարիզ: Անոնք կը կրեն Թուրքիոյ, Ալճերիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշներ, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի դէմ արտայայտութիւններով պաստառներ եւ ծաղրանկարներ:
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ երէկ ողջունած է թուրք ցուցարարները` յայտնելով, որ ասիկա «առաջին անգամն է, որ ամբողջ Եւրոպայէն տասնեակ հազարաւոր թուրքեր Փարիզ կը հաւաքուին` իրենց արդար դատին համար ձայն բարձրացնելու համար»:
Արընչ նաեւ նշած է, որ եթէ օրինագիծը որդեգրուի, «հազարաւոր թուրքեր եւ մտաւորականներ կան, որոնք ֆրանսական որոշումին մարտահրաւէր կարդալու համար պիտի ժխտեն ցեղասպանութեան վարկածները»: Թուրքիոյ փոխվարչապետը նաեւ հարցականի տակ առած է ֆրանսացի պաշտօնատարներու հակազդեցութիւնը, եթէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յառաջիկային Ֆրանսա այցելէ եւ ըսէ, որ «1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն»:
Թուրքիոյ զինամթերքի ձեռքբերման հարցերով զբաղող մարմինը իր կարգին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները զինամթերքի առեւտուրի ոլորտին մէջ կրնան լրջօրէն վնասուիլ, եթէ Ֆրանսայի ծերակոյտը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Թուրքիա մտադիր է չորս միլիառ տոլար արժող համաձայնութեամբ մը հեռահաս հրթիռներ եւ օդուժի պաշտպանութեան համակարգեր գնել: Այս համաձայնագիրին համար համաեւրոպական «Եւրոսամ» ընկերութիւնը կը մրցակցի ամերիկեան, ռուսական եւ չինական ընկերութիւններու հետ:
Եւրոպայի մէջ արտադրուող հակահրթիռային զինամթերքի արդիւնաբերութեան 2/3-ը կը պատկանի Ֆրանսայի: Զինամթերքի ձեռք բերման հարցերով թուրք պաշտօնատարներէն մէկը յայտարարած է, որ ծերակոյտի դրական որոշումին պարագային Ֆրանսա կրնայ մոռնալ այս ծրագիրը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ջնջեց այսօր Պրիւքսել նախատեսուած իր այցելութիւնը` սպասելով Ֆրանսայի ծերակոյտի որոշումին:


