ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. «ՍԱՖԻՐ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԱՐԱ ՔԵՉԵՊԱՇԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ «Սաֆիր» օրաթերթին կազմակերպած փինկ փոնկի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ 7-րդ տարին ըլլալով` մասնակցութեամբ տղոց եւ աղջկանց առաջին դիրքը գրաւող մարզիկներուն:

Աղջկանց առաջին հանդիսացաւ Լարա Քեչեպաշեան, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռիթա Պըսէյպես եւ Նոել Քէշիշեան (Լիբանանի ախոյեան):

Իսկ տղոց պարագային առաջին դիրքը գրաւեց Ժոզեֆ Շալհուպ, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռաշիտ Պըպպօ (Լիբանանի ախոյեան) եւ Աւօ Մումջողլեան:

Աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց «Սաֆիր»-ի մարզական լրագրող Իսմայիլ Հայտար:

Share this Article
CATEGORIES