ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՔԱՐԻՒՂԻ ՊԵՂՄԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՆՏՈՒԿԻ ՄԸ ՀԻՄՆՈՒՄԸ

Վարչապետ Միքաթի` Դրամատուներու միութեան հետ հանդիպում-զրոյցին ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հաստատեց քարիւղի եւ բնական կազի պեղման ապահովելիք նիւթական գումարներուն յատուկ ազգային սնտուկի մը հիմնումը` աւելցնելով, որ այդ սնտուկին գումարները պիտի օգտագործուին միայն Լիբանանի պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը գոցելու:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի նիւթական բացին 60 առ հարիւրը վճարելէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ այդ գումարները այլ նպատակներու համար ծախսել:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ այս առումով պէտք է Լիբանանը իր բոլոր կառոյցներով աշխատի եւ գործակցի, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնքներ արձանագրել:

Նշենք, որ Միքաթի այս յայտարարութիւնները կատարեց Լիբանանի դրամատուներու միութեան հրաւէրին ընդառաջելու ընթացքին: Նշենք, որ Լիբանանի դրամատուներու միութիւնը վարչապետէն խնդրած էր զրոյց-հանդիպում մը ունենալ` քննարկելու համար երկրին քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ սկսիլ բարեկարգումներուն, որոնք կը վերաբերին բոլոր մարզերուն:

Իր կարգին, Լիբանանի դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ ընդգծեց դրամատնային մարզը քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ հիւպատոսական անձնակազմի ընդհանուր քարտուղար Ժոզեֆ Հապիսը եւ Փաղանգաւոր կուսակցութան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը:

 

Share this Article
CATEGORIES