ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԸՔՈՒԱՏԸ ԵՒ ԺԵՄԱՅԷԼԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման կազմակերպութեան շրջանային գրասենեակի տնօրէն Խալետ Մըքուատը եւ Ծրարումի լիբանանեան կեդրոնի տնօրէն Ֆատի Ժեմայէլը, որոնց հետ քննարկեց զոյգ հաստատութիւններուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անոնց իրագործումներն ու ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը փորձառական համագումարներու պատրաստելու եւ անոնց ուղղութիւն տալու ծրագիրները:
Հանդիպումին ընթացքին լրջօրէն քննարկուեցան տարբեր արտադրութեանց ծրարումի կարեւորութիւնը եւ ճարտարարուեստի արտադրութիւնները շուկային ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ նախարար Սապունճեան 7 մարտին պիտի հովանաւորէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունենալիք «Սթարպաքս»ի մրցումը, որուն պիտի մասնակցին 700 ուսանողներ` Լիբանանէն, Եգիպտոսէն եւ Յորդանանէն:

