ՊԱՍԻԼ. «ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐՄԱՐ ՄԱՐԶԸ ՉԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ»

Պասիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքի անջատման թղթածրարը պէտք է լուծել ելեկտրականութեան հարցը լուծելու նպատակով որդեգրուած ծրագիրին գործադրութեամբ:

Ան շեշտեց, որ նախարարութիւնը յստակ եւ մանրամասն ծրագիր մը ներկայացուցած է կառավարութեան եւ ստացած անոր հաւանութիւնը, հետեւաբար անհրաժեշտ է այդ ծրագիրը գործադրել:

Պասիլ նշեց, որ հիմնականին մէջ այդ ծրագիրին գործադրութիւնը արդէն իսկ սկսած է` աւելցնելով, որ հարցի լուծման սկսիլը չի նշանակեր, որ ելեկտրական հոսանքի անջատումը պիտի շարունակուի:

Պասիլ յայտնեց, որ տարուէ տարի ելեկտրական հոսանքի կարիքը աճ կ՛արձանագրէ, իսկ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան ընկերութիւնները ներդրումներու չգոյութեան պատճառով կը նուազեցնեն ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը:

Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլայ փողոց իջնելու եւ ելեկտրականութիւն ունենալու իր իրաւունքը պաշտպանելու ու ելեկտրական հոսանք պահանջելու:

«Ելեկտրականութեան տագնապին հարցով փողոցը պէտք է օգտագործել, սակայն այդ օգտագործումը պէտք է ճիշդ ձեւով կատարուի», ըսաւ Պասիլ:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ միայն մէկ շրջան կայ, որ հաւասարապէս ելեկտրական հոսանքի անջատումէ չի տառապիր, եւ այդ մէկը մայրաքաղաք Պէյրութն է: «Այս իմաստով ես Ելեկտրականութեան ընկերութեան նամակ մը յղած եմ եւ պահանջած, որ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ անխտիր ելեկտրական հոսանքի անջատումը ըլլայ հաւասար կերպով», ըսաւ Պասիլ:

Share this Article
CATEGORIES