ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԱՐԻՏԱՅԻ ՄԻՋԱԴԷՊԸ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց Արիտայի միջադէպը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց միջադէպին պատճառով զոհուած 16-ամեայ պատանի Մահեր Համատի ընտանիքին:

Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան պահպանելու Լիբանան-Սուրիա սահմանները եւ սահմանին վրայ տեղակայելու լիբանանեան բանակը, որպէսզի անիկա հսկէ լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Միւֆթի Քապպանի զգուշացուց սահմանին վրայ լիբանանեան պետութեան բացակայութենէն եւ անոր ունենալիք հետեւանքներէն:

Share this Article
CATEGORIES