ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԻՒՖԹԻ ՇԱԱՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իր հիւսիսային Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

Նշենք, որ Պքերքէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց տեղական զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ Մարոնի պատրիարքութիւնը հիմնական  դերակատարութիւն ունի լիբանանցիներու մերձեցումին մէջ:

Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, նախկին նախարարներ Ժան Օպէյտ եւ Ռոժէ Տիպ:

Share this Article
CATEGORIES