ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆՔ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԻՆ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼՈՒ»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» թերթին մէջ լոյս տեսած շաբաթական իր յօդուածին մէջ նկատել տուաւ, որ շրջանային եւ միջազգային առանցքային խաղերը վերջ գտած են` առանց Սուրիոյ շուրջ արաբական ամբողջական համաձայնութիւն մը գոյացնելու:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ մասին Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը անել ճամբու հանդիպած է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները հետզհետէ կը սաստկանան եւ քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկումը աւելի հաւանական կը դառնայ:

Այս առումով Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Արաբական լիկային մէջ Լիբանանի պատուիրակին լուռ մնալու` Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ անհիմն ենթադրութիւններ կամ գուշակութիւններ կատարելու փոխարէն:

 

Share this Article
CATEGORIES