ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ակնարկեց Արիտայի ապահովական միջադէպին` նշելով, որ իրեն համար անյստակ է այն իրականութիւնը, թէ հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, պաշտպանութեան նախարարը եւ բանակի հրամանատարը Սուրիոյ հետեւորդնե՞րն են:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ ինք կը մերժէ ստորագրել փոխադրածախսերուն վերաբերող որոշումը` աւելցնելով նաեւ, որ ինք կառավարութենէն պիտի չհրաժարի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն կատարելու կամ անոր հարուած մը տալու մասին կատարուած յայտարարութիւնները խնդալիք են, իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի Պէյրութ այցելութիւնը մօտալուտ է: Նշենք, որ Ապատի այցելեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ մինչեւ օրս Սուրիա յաղթանակ արձանագրած է դաւադրութեան դէմ իր պայքարին մէջ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի դէմ սանձազերծուած արշաւը թիրախ կը դարձնէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումն ու անոր նախագահը` երեսփոխան զօր. Միշել Աունը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան պիտի վերադառնայ ճշդուած թուականին` հակառակ իր անցուցած արկածին եւ անոր պատճառով ենթարկուած վիրահատումին:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը պատրաստէ տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տեղեկագիր մը, որուն համաձայն պիտի ճշդուին առաջնահերթութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը դէպի հիւսիսային Լիբանանի սահմանները տեղափոխելու միջազգային որոշումը տրուած է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային եւ յարանուանական սադրանք մը նիւթելու փորձերը հաւանական են:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ վտանգաւոր կացութիւն մը, որ պէտք է դիմագրաւել քաղաքական եւ կազմակերպական միասնականութեամբ:

ԱՆՑԵԱԼ շաբաթավերջին անծանօթներ Պիքֆայայի մօտակայքը գտնուող Մհայտսէի շրջանին մէջ գողցան Աւետարանական համայնքին պատկանող եկեղեցի մը: Միւս կողմէ, Պաթրունի Քֆարապիտա գիւղաքաղաքին մէջ գողութեան ենթարկուեցաւ Ս. Սարգիս եւ Բագոս եկեղեցին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք շիիներուն հետ ոչ մէկ հարց ունին` աւելցնելով, որ իրենց հարցը լիբանանեան պետութեան հետ է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամները հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր բացատրեցին յանձնախումբի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու դրդապատճառները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Լորիան լը ժուր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերուն առաքելութեան եւ Սուրիոյ վերաբերող թղթածրարը փոխանցել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութեանց պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ալեւիները միասնական են եւ զանոնք մասնատելու փորձերը պիտի ձախողին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ ներկայիս ընտրական օրինագիծի մասին քննարկումները լուրջ թափի մէջ չեն գտնուիր: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումը Հըզպալլայի մօտ չի գտնուիր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ ուրբաթ օր Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար պիտի ժամանէ Լիբանան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES