ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՒ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Երէկ` երկուշաբթի, 23 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին դեսպան Աշոտ Քոչարեան ներկայացուց նախորդ տարուան ընթացքին տարուած աշխատանքները եւ այս տարուան համար առկայ ծրագիրները:
Ան դիտել տուաւ, որ դեսպանատան աշխատանքներուն ծիրին մէջ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման զուգահեռ կան հիմնական երեք ուղղութիւններ` Հայաստան-Լիբանան երկկողմանի յարաբերութիւնները, գաղութին հետ կապերը եւ դեսպանատուներուն հետ աշխատանքները:
Դեսպան Քոչարեանի համաձայն, Հայաստանի ներքին եւ արտաքին ճակատը յուզող հարցերն ու առկայ մարտահրաւէրները հիմնական տեղ կը գրաւեն դեսպանատան աշխատանքներուն մէջ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հարցերուն գծով միջազգային կազմակերպութիւններու եւ այլ կառոյցներու մէջ ճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցելու հարցին:
Խօսելով Լիբանանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին` ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախագահ Միշել Սլէյմանի Հայաստան տուած այցելութիւններուն, որոնք մեծ եւ խոր իմաստ ունին, մանաւանդ որ երկար ատենէ ի վեր այս իմաստով սառած վիճակ գոյութիւն ունէր: Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ Հայաստանէն կատարուած դրական յայտարարութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի տագնապին: Ան դիտել տուաւ, որ հակառակ քաղաքական մակարդակի վրայ բարձր եւ աշխուժ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի եւ Հայաստանի առեւտրատնտեսական կապերը պէտք եղած մակարդակի վրայ չեն` աւելցնելով, թէ յոյս կայ, որ երկկողմանի համաձայնագիրներու լոյսին տակ կարելի ըլլայ այդ իմաստով եւս աշխատանք ծաւալել:
Այս ծիրին մէջ դեսպան Քոչարեան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի նախագահին Լիբանան տալիք հաւանական այցելութեան մասին` նշելով, որ Հայաստան տուած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Լիբանանի նախագահը հրաւիրեց նախագահ Սարգսեանը, սակայն այցելութեան թուականը տակաւին յստակ չէ:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահին տուած այցելութիւններուն եւ այդ ծիրին մէջ կնքուած աւելի քան 80 համաձայնագիրներուն մասին, որոնք կարեւոր տեղ կը գրաւեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ դեսպանատան տարած աշխատանքներուն, որոնց մէկ մասը համայնքի տարբեր կառոյցներուն հետ համագործակցաբար է, իսկ ուրիշներ տեղական բնոյթ կը կրեն:
Հայաստանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան այս տարուան ծրագիրներուն անդրադառնալով` դեսպան Աշոտ Քոչարեան նշեց, որ դեսպանատունը աշխատանք կը տանի այդ ծրագիրներուն մասնակցութիւն ապահովելու իմաստով:
Նախորդ տարուան գործունէութեան ծիրին մէջ ան նշեց, որ հիւպատոսութիւնը տարբեր ծառայութիւններ մատուցած է, յատկապէս անոնց, որոնք երկքաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացուցած են: Ան աւելցուց, որ կարելի եղած է բոլորին անհրաժեշտ ծառայութիւնները մատուցել:
Իր խօսքի աւարտին դեսպան Աշոտ Քոչարեան նկատել տուաւ, որ այս տարուան ընթացքին եւս տարբեր տեսակի ծրագիրներ պիտի իրականացուին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հայ տպագրութեան 500-ամեակին եւ կարգ մը յատկանշական թուականներու նշման:
Աւարտին դեսպան Քոչարեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:


