ԼՕԽ. «ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 23 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կնոջ դերը բնութեան եւ կենսոլորտի պահպանութեան մէջ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց Կարօ Յարութիւնեան:

Բացման խօսքը արտասանեց Շողիկ Խաչատուրեան, որ անդրադարձաւ կենսոլորտի եւ բնութեան կարեւորութեան, որուն գիտակցելով պէտք է բոլորը լծուին անոնց պահպանութեան: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօսը:

Կարօ Յարութիւնեան իր բանախօսութիւնը կեդրոնացուց երեք հիմնական ուղղութիւններու վրայ, որոնց կրնան դիմել կիները, որպէսզի իրենց չափով եւ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ կարենան օգտակար ըլլալ բնապահպանութեան: Այդ երեքէն առաջինը որեւէ բան վերստին գործածելն է (ի բացառեալ կարգ մը պարագաներու), երկրորդը` սպառումը նուազագոյնի իջեցնելը, իսկ երրորդը` վերամշակելը:

Կ. Յարութիւնեան բացատրեց, որ կիները կրնան տան աղբերու կուտակումը նուազեցնել, ճաշերը պէտք եղած քանակէն աւելի չպատրաստել, մանաւանդ որ տուեալները ցոյց կու տան, որ Պէյրութի աղբերուն 50 առ հարիւրը օրկանական նիւթեր են, որոնց կարգին գնուած, եփած եւ աղբը դրուած կերակուրներու մնացորդացը: Ան խօսեցաւ բնութեան մէջ իւրաքանչիւր իրի եւ նիւթի տարբաղադրման մասին` նշելով ժամանակային պատկերացումը: Կ. Յարութիւնեան յատկապէս խօսեցաւ կերպընկալին մասին, որ չի տարբաղադրուիր, անդրադարձաւ տարբեր տեսակի կերպընկալներու` նշելով վնասակարները, որոնք ո՛չ միայն բնութեան, այլեւ մարդուն առողջութեան մեծ վնասներ կրնան հասցնել: Ան յատկապէս հաստատեց, որ ջուրի կերպընկալէ շիշերը պէտք չէ վերստին գործածել երկար ժամանակի համար, նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ պէտք է ստուգել կերպընկալներուն մայքրոուէյվի յատուկ ըլլալը, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ չհալին, անոնք եթէ այդ գործիքին մէջ դրուելու համար պատրաստուած չեն, ուրեմն անպայման կը վնասեն մարդու առողջութեան եւ թոյներ կրնան արտադրել:

Կարօ Յարութիւնեան խօսեցաւ նաեւ հեղուկ աղբերուն, օզոնի խաւին, բնութեան, ծառերու, անասուններու եւ ամէն տեսակի բոյսերու մասին` հաստատելով, որ բնութեան իւրաքանչիւր տարր պէտք է լաւապէս պահպանուի, գուրգուրանքի առարկայ ըլլայ մեր կողմէ, որովհետեւ բնութեան որեւէ մէկ մաս կորսնցնելը մեծ վնասներ կը բերէ յատկապէս այն իմաստով, որ զանոնք վերականգնելը կա՛մ անկարելի է, կա՛մ շատ երկար ժամանակի կը կարօտի: Օրինակ տալով` բանախօսը նշեց, որ 1 օրէն կարելի է ամբողջ անտառ մը ոչնչացնել, սակայն զայն վերականգնելու համար 150 տարուան կարիք կայ: Ան շեշտը դրաւ օդի ապականումը նուազագոյնի իջեցնելու, կարելի եղածին չափ արեւէն օգտուելու, ելեկտրականութեան ու ջուրի անտեղի սպառումը նուազեցնելու, բնութեան պահպանման համար ամէն ջանք ի գործ դնելու կարեւորութեան վրայ` նշելով համապատասխան ձեւեր:

Իր խօսքի աւարտին Կ. Յարութիւնեան հաստատեց, որ կենսոլորտի ու բնութեան պահպանման լծուելու համար նախ պէտք է ինքնագիտակցութիւն ունենայ մարդ, ապա միշտ ճիգ թափէ վնասները կանխարգիլելու, որովհետեւ հասած վնասը անհետացնելը այդքան ալ դիւրին չէ, բայց շատ կարելիութիւններ կան կանխարգիլելու շատ բաներու հետեւանքներ: Ան շեշտեց, որ պէտք է լաւապէս գիտակցիլ, որ այսօրուան աշխարհը մենք ապագայ սերունդներուն պիտի փոխանցենք, ուստի կարելի եղածին չափ պէտք է գուրգուրանք անոր եւ զայն պահենք առողջ վայր մը:

Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES