ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ ԽՈՒՄԲԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ 11-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ՀՄԸՄ Պէյրութ - Ֆէյթրուն երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 23 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ֆէյթրունը:

Մրցումը, որ եղաւ ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեան տակ, աւարտեցաւ 20 կէտի տարբերութեամբ` 75-55, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, որ այսպիսով արձանագրեց իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 25-9, 12-9, 25-14 եւ 13-23:

ՀՄԸՄ-էն Մարիօ Ապպուտ նշանակեց 18 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, Ռուտի Ֆարրաժ` 14 կէտ, Ժորժ Ղանեմ` 9 կէտ եւ 4 ռիպաունտ, իսկ Սեւակ Քեթենճեան` 9 կէտ եւ 12 էսիսթ:

Մրցումին իրաւարարներն էին` Ռապահ Նայիմ, Զիատ Թաննուս, Փոլ Սքայեմ եւ Հալիմ Մանսուր:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Թըպնին: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 27 յունուարին:

Ինչ կը վերաբերի Բ. խմբակին, ՀՄԸՄ-ի նման իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը երէկ արձանագրեց նաեւ Ամշիթ` 117-49 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լուէյզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ֆուատ Անաթի եւ Մարք Հատշիթի նշանակեցին 21-ական կէտ: Ամշիթի յաջորդ մրցակիցն է Պըրժ Այնթուրա:

 

Share this Article
CATEGORIES