50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ

Լիբանան հրաշքներու երկիրն է, 1958-ին, երբ ամէն ոք մութ կը տեսնէր այս երկրի ապագան, լիբանանցիք, հիանալի ինքնագիտակցութեամբ մը, գտան իրաւախոհութեան այն ճամբան, որ անելէն դուրս պիտի բերէր այս երկիրը` վերստին տալու համար անոր իր իսկական դիմագիծը` իբրեւ համերաշխութեան եւ չափաւորութեան երկրի:

Դեկտեմբեր 31-ին փորձուած արկածախնդրութիւնը անգամ մը եւս եկաւ շեշտելու այն իրողութիւնը, թէ Լիբանան, ըստ էութեան, չի կրնար թատերաբեմ հանդիսանալ նման քաղաքական մարզանքներու, հոն տեղ չկայ ծայրայեղական հոսանքներու համար, որովհետեւ այս երկիրը հիմնուած է զայն բաղկացնող զանազան համայնքներու համադրութեան վրայ, որուն արտայայտիչն է 1943-ի ազգային անգիր ուխտը:

Ժողովուրդներու կեանքին մէջ պատահած տխուր երեւոյթներ յաճախ կ՛ունենան իրենց բարերար ազդեցութիւնը, եթէ այդ ժողովուրդները կարենան դասեր քաղել իրենց փորձառութենէն, մանաւանդ եթէ գիտակից մօտեցումով դատեն երեւոյթները:

Դեկտեմբեր 31-ի դաւադրութենէն ետք, լիբանանցի ժողովուրդին մէջ նկատուած միասնականութեան ոգին բոլոր հաւաստիքները կու տայ, թէ երկիրը անբաղձալի տարրերէ մաքրելու համար ղեկավարներու վատնած ճիգը ի զուր պիտի չըլլայ: Լիբանանցի ժողովուրդը, որ մէկ մարդու պէս ծառացաւ ղովմիներու դաւադրութեան դէմ եւ զօրավիգ կանգնեցաւ իշխանութիւններու գործունէութեան, այդ հիանալի վերաբերումը ցոյց տուաւ ո՛չ թէ պատահականօրէն, այլ` համոզուած, խորապէս համոզուած, թէ ազգային միասնականութիւնը անհրաժեշտ է ամրապնդելու համար այս երկրին հիմերը:

Այս միասնականութիւնը այսօր շօշափելի իրականութիւն է արդէն: Տարիներէ ի վեր իրարու դէմ ամուլ պայքար մղող հոսանքներ եւ թերթեր ներկայիս դադրեցուցած են ամէն պայքար եւ բոլորուած են այն մարդուն շուրջ, որ արթուն պահակի իր դերին մէջ աչալուրջ կը հսկէ Լիբանանի ճակատագրին:

Այնքա՜ն յուզիչ եւ միանգամայն խրախուսիչ է այն պատկերը, որ շաբաթներէ ի վեր կը պարզուի հանրապետութեան նախագահութեան ապարանքին առջեւ: Սարպան դարձած է ուխտատեղի Լիբանանի բոլոր կողմերէն, հիւսիսէն թէ հարաւէն, ծովեզերեայ շրջաններէն թէ Լեռնալիբանանէն ու Պեքաայէն եկած ժողովրդային պատուիրակութիւններու, որոնք անդադրում շարքերով կու գան իրենց հաւատարմութիւնը յայտնել հանրապետութեան նախագահին, որ խորհրդանիշն է Լիբանանի դաւանած բարձր իտէալներուն եւ բարոյական հեղինակութեան:

Փորձութիւնը, որ անցաւ Լիբանանի վրայէն, աւելի պիտի զօրացնէ անոր անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան հիմերը, որովհետեւ անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն ըմբռնումներ են, որոնք պէտք է կորսուելու վտանգին ենթարկուին` կարենալ խորապէս արմատանալու համար ժողովուրդներու հոգիին մէջ:

Վտանգին փարատումէն ետք, այսօր նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի պատմութեան մէջ: Նոր էջ մը, որ պիտի ըլլայ այնքան փառաւոր որքան պիտի ուզեն որ ըլլայ այս փոքր երկրին զաւակները:

Լիբանան մեծցած դուրս եկաւ դեկտեմբեր 31-ի փորձութենէն: Ներսը թէ դուրսը աւելի եւս արմատացաւ այն համոզումը, թէ այս երկիրը արժանի է այն դիրքին, որ կը գրաւէ ազատ ազգերու ընտանիքին մէջ, իբրեւ բարոյական արժէքներու դրօշը բարձր բռնող ժողովուրդի մը կամքին արտայայտութիւնը:

Յաւիտենական է Լիբանան, իր հաստաբուն մայրիներուն պէս, որոնք տեսած են դարերու անցքը այս հազարամեայ երկրին վրայէն, որուն զաւակները, հին դարերուն, իրենց ձեռներէցութեամբ հիացումի կ՛արժանանային բոլոր ծովերու վրայ:

Այսօրուան լիբանանցիները ժառանգորդներն են այդ առասպելական մարդոց եւ նոյն ձեռներէցութեամբ լծուած են իրենց երկրի բարգաւաճման աշխատանքին` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր մարզերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES