ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ԱԳՈՒԼԻՍ` ՄԻՆՉԵՒ Ի. ԴԱՐՈՒՆ ՍԿԻԶԲԸ
Նախիջեւանի գլխաւոր բնակավայրերէն է Ագուլիս կամ Վերին Ագուլիս. անցեալին շէն ու բարգաւաճ եւ վաճառաշահ քաղաք, անուանի էր իր Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքով եւ պատմական եկեղեցիներով: Աւերիչ արշաւանքներու պատճառով անշքացաւ, իսկ ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն ետք կրկին սկսաւ բարգաւաճիլ:
ՎԵՐԻՆ ԱԳՈՒԼԻՍ
Վերին Ագուլիս կառուցուած է Կապուտջուղի լեռնալանջին, Ագուլիսի ձորին մէջ եւ բաձրաբերձ ժայռերով շրջապատուած է: Ձորը երեքէն չորս քիլոմեթր երկարութիւն ունի եւ կ՛իջնէ հիւսիսէն հարաւ, իսկ լայնութիւնը հազիւ երկուքէն երեք քիլոմեթր է. հարաւային կողմը ձորը տարածուելով տափարակ դաշտի կը վերածուի: Այդ դաշտին մէջ կը գտնուին Ագուլիսի այգիներն ու արտերը: Ձորին մէջէն կը հոսի Ագուլիսի գետը, որ այնքան ալ ջրառատ չէ եւ ամրան եղանակին գրեթէ կը չորնայ:
Ագուլիսցիք կ՛օգտագործէին ստորերկրեայ ակերը, որոնցմէ բխող մաքուր եւ սառնորակ ջուրը առողջարար էր: Քաղաքին ամէնէն ջրառատ եւ յորդահոս աղբիւրը Անասաց կհովն էր, որ կը գտնուէր հարաւ-արեւելեան այգիներուն մէջ: Կհով Ագուլիսի բարբառով կը նշանակէ աղբիւր:
Վերին Ագուլիսի հիւսիսային թաղամասերը տարածուած էին գետի ձախ ափին: Գետին անմիջականօրէն մօտիկ տուները հարթ տարածութեան վրայ կը գտնուէին, բայց աւելի հեռու տարածուող տուները կը բարձրանային աւանը շրջապատող լեռներուն լանջերը: Լեռներու ստորոտին ագուլիսցիք իրենց բարեկարգ տուներուն շուրջ պարտէզներ եւ բանջարանոցներ ունէին:
Աւելի հարաւ, աւանին կեդրոնական գօտիին վրայ կառուցուած էր քարէ բարձր կամուրջը: Կամուրջին աջ կողմը, որոշ բարձրութեան մը վրայ կը գտնուէր շուկան: Շուկայէն եւ կամուրջէն դէպի հարաւ-արեւմուտք միջին թաղերն էին: Իսկ հարաւային ծայրամասին կը գտնուէր Խձոձիւր կամ Խոջաձոր թաղամասը:
Գետի ձախ ափին, հայկական թաղերէն անդին տարածուած էր թրքական թաղամասը: Հոն կը գտնուէր Հնձանաց լոյս կոչուող կիսաւեր եկեղեցին, որ ուխտատեղի էր:
Ագուլիսի տասը թաղամասերն էին` Փառակերտ, Վերին գետ, Շռնատակ, Վանքի թաղ, Նուրիջանաց, Լինջ, Վերին թաղ, Խձոձիւր, Ձիգ փուղ եւ Խշկաշին:
ՍՈՒՐԲ ԹՈՎՄԱՅԻ ՎԱՆՔԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ
Ագուլիսի մէջ կը գործէին Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքը եւ տասնմէկ եկեղեցիներ: Ագուլիսցիք անուանի էին իբրեւ հաւատացեալ եւ բարեպաշտ հաւաքականութիւն:
Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքը կը գտնուէր աւանին հիւսիսային կողմը, վանքի թաղին մէջ. իր շքեղութեամբ եւ մանաւանդ ներքին հիանալի գեղեցկութեամբ անիկա աննման էր: Աւանդութեան համաձայն Բարթողիմէոս առաքեալ հիմնած է վանքը ի յիշատակ Թովմաս առաքեալին: Վանքը Գողթան գաւառի եպիսկոպոսանիստ կեդրոնն էր: Վանքը անցեալին ստուարաթիւ միաբանութիւն ունեցած է, որոնք բազմաթիւ մատեաններ գրած եւ ընդօրինակած են: Այդ մատեաններուն մեծ մասը ոչնչացուած է սելճուքներու, թուրքերու եւ մոնկոլներու, ինչպէս նաեւ զանազան խաներու եւ հրոսակներու կողմէ: Վանքը բարձր եւ ամուր պարիսպներով շրջապատուած էր. մուտքի դուռը կը բացուէր արեւմտեան կողմէն դէպի ընդարձակ բակը, որուն կեդրոնը կը բարձրանար հոյակապ տաճարը: Աջակողմեան աւանդատունէն աստիճաններով կարելի էր բարձրանալ տաճարին վերնատունը, ուր պահուած էին եկեղեցական զգեստներն ու մատեանները: Իսկ ձախակողմեան աւանդատան մէջ տեղաւորուած էր վանքին թանգարանը, ուր պահուած էին Թովմաս առաքեալի եւ Սուրբ Յակոբի աջերը, Կենաց փայտի մասունքը եւ Գայեանեանց մասունքը: Տաճարին հիւսիսային կողմը կը գտնուէին վանահօր եւ միաբաններուն սենեակները:
Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին կը գտնուէր աւանին հարաւային կողմը, բարձր դիրքի վրայ եւ երեք կողմէն պարիսպներով շրջապատուած էր: Եկեղեցւոյ կողքին կը գտնուէր քահանային բնակարանը, դպրոցը, հացթուխարանը եւ շտեմարանները:
Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եկեղեցին կը գտնուէր աւանին հարաւ-արեւելեան կողմը, այգիներով շրջապատուած Փոքր Սար կոչուող բլուրին ստորոտը:
Սուրբ Առաքելոյն Շմաւոնի եկեղեցին կը գտնուէր շուկային ներքեւ, գետի արեւելեան ափէն քիչ մը անդին եւ ընդարձակ շրջափակ ունէր:
Սրբոյն Յակոբայ առաքելոյն Ալփեան եկեղեցին կը գտնուէր գետի ձախ ափին եւ տեղացիներուն կողմէ Ընծայեաց լոյս կամ Հնձանաց լոյս կը կոչուէր: 1879-ին քակուեցաւ նորը կառուցելու համար բայց կիսաւարտ մնաց:
Սուրբ Քրիստափորի եկեղեցին կը գտնուէր գետի ձախ ափէն եւ շուկայէն քիչ մը վերեւ, Գինդարա լերան ստորոտին: Կողքին կը գտնուէր դպրոցը:
Փոքր Աստուածածնի եկեղեցին կը գտնուէր Սուրբ Քրիստափորէն քիչ մը դէպի արեւելք, լերան լանջին: Մօտակայքը կը գտնուէր կուսանոցը, բարձր պատերով եւ հսկայ դարպասով:
Սուրբ Մինաս Զօրավարի եկեղեցին կը գտնուէր Շռնատակ թաղին մէջ: Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի եկեղեցին` Փառակերտ թաղին մէջ: Ամենափրկիչ եկեղեցին` Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքէն բաւական վերեւ: Իսկ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կամ Մեծ Անապատը կը գտնուէր աւանէն դուրս, արեւելեան կողմը, բլուրի մը վրայ եւ ուխտատեղի էր:
ԱԳՈՒԼԻՍ` ՎԱՃԱՌԱՇԱՀ ՔԱՂԱՔ
Ագուլիս անցեալին կոչուած է Ագուլիք եւ Արգուլիք ձեւերով: ԺԶ. դարուն յիշուած է իբրեւ Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի եւ Եւրոպայի հետ առեւտրական կապեր ունեցող վաճառաշահ քաղաք: ԺԷ. դարուն Ագուլիս մօտաւորապէս տասը հազար հայ ընտանիք բնակիչ ունէր: Վենետիկի եւ Թոսքանայի մէջ բազմաթիւ արձանագրութիւններ եւ արխիւներ պահպանուած են, որոնք կը վկայեն, որ յաճախակի կերպով ագուլեցի վաճառականներ կ՛այցելէին հոս: Ագուլեցի մետաքսագործներ սերտ կապեր ունէին նաեւ Պարսկաստանի Կիլան եւ Մազանտարան երկրամասերուն եւ Թաւրիզ քաղաքին հետ:
Այս ժամանակ Ագուլիս իր գեղակերտ ապարանքներով, եկեղեցիներով, բազմաբուխ աղբիւրներով, յուռթի մրգաստաններով եւ ծաղկածաւալ բուրաստաններով բարգաւաճ եւ բարեկարգ քաղաք էր:
Դաւիթ բէկ 1727-ին Գողթան գաւառը մաքրեց օսմանեան զօրքերէն, մինչ պարսիկ զինուորներուն մէկ մասը կռուի դաշտէն հեռանալով Ագուլիսի Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքին մէջ ապաստան գտաւ: Ագուլեցիք, նկատի ունենալով Նախիջեւանի կռիւներուն մէջ Դաւիթ բէկի անյաջողութիւնները, զգուշաւոր դիրք բռնեցին օսմանցիներուն հանդէպ, որովհետեւ վստահ չէին որ Դաւիթ բէկի կռուող ուժերը կրնան քաղաքը պաշտպանել օսմանեան գերազանց բանակներուն դէմ: Հետեւաբար անոնք որոշեցին չէզոք մնալ եւ պահանջեցին, որ Դաւիթ բէկի զօրքերը հեռանան Ագուլիսէն:
ԱԳՈՒԼԻՍԻ ԱՂԷՏԸ
Ատրպատականի Ազատ խանը, Պարսկաստանի մէջ տիրող անիշխանական վիճակէն օգտուելով, իր շուրջ համախմբեց շարք մը ցեղախումբեր եւ Ատրպատականի ու Նախիջեւանի խանութիւնները իր տիրապետութեան տակ առաւ: Այնուհետեւ ան որոշեց գրաւել նաեւ Երեւանի խանութիւնը:
Երեւանի պարսկական կայազօրը եւ անոր օգնութեան հասած վրացական բանակը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ նահանջի մատնեցին Ազատ խանի զօրքերը:
Նահանջի ճամբուն վրայ Ազատ խան հայկական բնակավայրերը ասպատակելով հասաւ Ագուլիս: Քաղաքի անբաւ հարստութենէն շլացած` Ազատ խան արեւմտեան կողմէն շրջապատեց Ագուլիսը եւ մեծ քանակութեամբ մթերք ու փրկագին պահանջեց:
Ագուլեցիք իրենց տանուտէր Եսայիի գլխաւորութեամբ դիմադրութիւն կազմակերպեցին: Ազատ խանի զօրքերը ռմբակոծելով քաղաքը, քանի մը օրուան մէջ խորտակեցին ագուլեցիներուն դիմադրութիւնը եւ մտան քաղաք: Անպաշտպան մնացած ժողովուրդը ահաւոր նախճիրի ենթարկուեցաւ բարբարոսներուն ձեռքով: Երեք օր շարունակ Ագուլիս եւ շրջակայ գիւղերը թալանի ու աւերածութեան ենթարկուեցաւ:
Ազատ խան մեծ աւարով եւ տասներկու հազար գերիներով հեռացաւ Ագուլիսէն: Գերիները երիտասարդ կիներ, աղջիկներ եւ անչափահաս պատանիներ էին, որոնք Թաւրիզի եւ այլ քաղաքներու մէջ թուրք խաներուն եւ պէկերուն վաճառուեցան:
Աղէտի եւ կոտորածի ժամանակ լեռներն ու անտառները ապաստան գտած բազմաթիւ ընտանիքներ հեռացան քաղաքէն եւ գաղթեցին դէպի Շուշի, Իզմիր, Պոլիս եւ Հնդկաստան:
Ազատ խանի հրոսակներու հեռացումէն ետք լեռներուն վրայ ապաստան գտած ժողովուրդին մեծ մասը վերադարձաւ Ագուլիս եւ նուիրուեցաւ հայրենի օճախներու վերաշինութեան: Սակայն քաղաքը այլեւս չգտաւ իր նախկին փառքի օրերը: Այնուհետեւ թուրք ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեցին Ագուլիսի մէջ եւ տէր դարձան հայերու կալուածներու մէկ մասին:
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Ռուս-թրքական 1827-1828-ի պատերազմէն ետք Ագուլիս ռուսական տիրապետութեան ենթարկուեցաւ. հոն բնակութիւն հաստատեցին Սալմաստէն, Խոյէն, Մարաղայէն, Մակուէն եւ Մուժամբարէն փոխադրուած հայ ընտանիքներ: Այս ժամանակ Ագուլիս ունէր 122 տուն հայ եւ 50 տուն թուրք բնակիչ: Ռուսական 1893-ի մարդահամարի տուեալներով ունէր 1263 բնակիչ, 1897-ին` 1670 բնակիչ:
Անդրկովկասեան երկաթուղագիծէն շարունակութիւնը մինչեւ Ջուլֆա եւ Ագուլիս մեծապէս նպաստեց Ագուլիսի զարգացման եւ տնտեսական վերելքին: Այս ժամանակ աւանը ունէր արհեստաւորական եւ առեւտրական մօտաւորապէս հարիւր կրպակ եւ խանութ. զարգացած էր մանաւանդ կտաւագործութիւնը: 1904-ի տուեալներով Ագուլիս ունէր 256 տուն` 2205 հայ եւ 68 տուն` 731 թուրք բնակիչ: Ագուլեցի վաճառականներն ու արհեստաւորները գործառնութիւններ հաստատելով փոքր համայնքներ կազմեցին Թիֆլիսի, Պաքուի, Զաքաթալայի, Նուխիի եւ Մոսկուայի մէջ: Ագուլեցիներ նաեւ մետաքսի գործարաններ հիմնեցին Ագուլիսի եւ Օրտուպատի մէջ:
Հայ- թաթարական 1905-1906-ի կռիւներուն ժամանակ Ագուլիսի մէջ ինքնապաշտպանութեան խումբեր կազմուեցան եւ աւանը զերծ մնաց ջարդէ ու աւերածութենէ:
ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ագուլիս, իր բարեկարգ բնակարաններով ու ապարանքներով, ինչպէս նաեւ իր բարեկիրթ բնակչութեամբ «Փոքր Փարիզ» կոչումին արժանացած էր: Իւրաքանչիւր բնակարան առանձնացած էր իր բակով եւ պարտէզով: Պտղատու ծառերով, խաղողի տունկերով, ծաղիկներով եւ վարդի թուփերով շրջապատուած բնակարանները յաճախ երկու կամ երեք յարկանի էին: Հարուստ ընտանիքները ունէին առանձին հացթուխարան, խոհանոց եւ ծառայողներու յատուկ սենեակներ:
Ագուլեցիք թոնիրի փոխարէն թիթեղէ պատրաստուած ռուսական վառարան կը գործածէին: Բարեկեցիկ ընտանիքները երկաթէ եւ փայտէ անկողիններ ունէին, իսկ աւելի համեստ ընտանիքները գետինը փռուած բուրդէ հաստ ներքնակներու վրայ կը քնանային. ձմեռը բուրդի վերմակներով, իսկ ամառը բամպակէ բարակ վերմակներով կը ծածկուէին: Ամէն տուն ունէր իր սեղանատունը` ճաշասեղանով եւ աթոռներով, եւ շատ քիչ թիւով ընտանիքներ յատակի վրայ փռուած սփռոցներու շուրջ կ՛ուտէին: Հարուստ ընտանիքներուն հիւրասենեակներուն տախտակամածը թանկագին գորգերով ծածկուած էր:
Ագուլեցիք լաւաշ հացի քանի մը ամսուան պաշարը թոնիրներու մէջ կը թխէին եւ չորցնելէ ետք հացի համար պատրաստուած յատուկ պահարաններու մէջ կը պահէին: Տան մնացեալ պաշարը թաղակապ եւ դէպի բակը բացուող փոքր պատուհաններով գետնայարկ նկուղին ` մաղազային մէջ կը պահէին: Իսկ կարասներուն մէջ կը պահէին ձմեռուան համար պատրաստուած իւղը, պանիրը, խաւուրման, բրինձը, սիսեռը, ոսպը, բակլան եւ բազմատեսակ թթուաշներ: Խաղողը խաչաձեւ ագուցուած փայտէ կախարաններու վրայ կը կախէին, ուր կը մնար մինչեւ գարուն. իսկ խնձորը, տանձն ու դեղձը մառաններուն մէջ կը պահէին: Կախարաններուն վրայ կը կախէին նաեւ խաղողի եւ թութի հիւթէն պատրաստուած քաղցրահամ սուճուխը: Բազմատեսակ պտուղներու անուշեղէնները` մուրապաները ապակիէ ամաններու մէջ կը պահէին. յայտնի էր մանաւանդ ընկոյզի մուրապան:
Ագուլիս անուանի էր իր գինիով եւ օղիով. գրեթէ ամէն ընտանիք իր սեփական այգիի խաղողէն գինի եւ օղի կը պատրաստէր: Գինին եւ օղին նկուղին մէջ, մեծ կարասներու մէջ կը պահէին: Շատ մը ընտանիքներ քսան-երեսուն տարուան գինի կը պահէին. այդ գինին հարսանիքներուն կամ տօնական ու հանդիսաւոր օրերուն կը պահէին:
Կարգ մը ընտանիքներ կով, այծ, ոչխար եւ հաւ կը պահէին, ոմանք նաեւ ձիեր:
Ամրան տաքերուն ագուլեցիք ամբողջ օրը բակը կամ պարտէզին մէջ կ՛անցընէին եւ բակը կամ տանիքը կը քնանային:






