ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱՏՊՈՒԹԵԱՆ 500-ԱՄԵԱԿԻՆ
Հայկական գրատպութեան 500-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբը յոբելենական ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ յայտարարած է` «Գիրքը, որ փոխեց կեանքս» եւ «Լեզուն հայրենիք է» նիւթերով շարադրութեան մրցոյթին մասին, որ տեղեկացուցած են մշակոյթի նախարարութենէն:
Մրցոյթը ունի աննախադէպ մրցանակներ. մրցանակակիրներուն կարելիութիւն պիտի ընձեռուի մասնակցելու յոբելեանի շրջանակներուն մէջ իրականացուող արտերկրի միջազգային որեւէ ծրագիրի:
Շարադրութիւններուն ընդունման ժամկէտը մինչեւ 10 փետրուարը ներառեալ է: Մրցոյթին շահողներուն անունները պիտի յայտարարուին Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը` 19 փետրուարին:
Նշենք, որ շարադրութիւնները անհրաժեշտ է ուղարկել Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէնութեան:
«ՎԻՎԱՍԵԼ – ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»-Ը «ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»
ԾՐԱԳԻՐԻ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ
ՊԻՏԻ ՎՃԱՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ 20 ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
200 ՈՒՍԱՆՈՂԻ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը տեղեկացուցած է, որ ի յաւելումն նախորդ տարուան ընտրուած հայաստանեան համալսարաններու 150 ուսանողներու, իր «Կրթական հիմնադրամ» ծրագրի շրջանակներուն մէջ ամբողջութեամբ պիտի վճարէ 50 ուսանողի ուսման ծախսը եւս:
«Կրթական հիմնադրամ» ծրագիրը կ՛ընդգրկէ յատուկ կարիքներով, ծնողազուրկ, 5 եւ աւելի անդամներէ բաղկացած, ընկերային անապահով ընտանիքներու մէջ ապրող, հաշմանդամ ծնողներ ունեցող, առաջին եւ երկրորդ տարուան ուսանողներուն: Ընկերութիւնը մինչեւ ուսման աւարտը պատրաստ է աջակցելու այդ ուսանողներուն` ամբողջութեամբ վճարելով անոնց ուսման ծախսերը:
Կրթական այս աննախադէպ ծրագիրին նպատակը խոցելի խումբերու մէջ ընդգրկուած այդ ուսանողներուն կրթութիւնը հասանելի դարձնելն է` ուսումնական ամբողջ ժամանակահատուածին մէջ ուսման վարձը հատուցելով: Ընկերութիւնը վստահ է, որ ծրագիրը զանոնք պիտի քաջալերէ` իրենց հմտութիւնները կատարելագործելու, ինչպէս նաեւ պիտի մղէ նոր ձգտումներու եւ պիտի բարելաւէ անոնց ընկերային եւ հոգեբանական վիճակը:
«Կրթաթոշակ պիտի տրամադրուի ամէնէն խոցելի ընտանիքներու մէջ ապրող 200 երիտասարդի` ապահովելով անոնց բարձրագոյն ուսումը: Այս նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացուի` խոցելու խումբերու մէջ ընդգրկուած երիտասարդներուն մասնագիտական գիտելիքներ եւ հմտութիւններ տրամադրելու, նաեւ երկրին մէջ աղքատութեան մակարդակի նուազեցման նպաստելու նպատակով», յայտնած է «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
«ՓԱԿ ՇՈՒԿԱՅԻ»ԻՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԵՆ
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յունուար 19-ին տեղեկացուց, որ Երեւանի քաղաքապետարանին յանձնարարութեամբ, Մաշտոցի պողոտային վրայ գտնուող Փակ շուկային մէջ ընթացող վերանորոգութեան աշխատանքները դադրեցուած են: «Այս պահին նախարարութեանը դիմել են միայն ստորգետնեայ հատուածում աւտոկայանատեղի կառուցելու համար: Դեռեւս որեւէ այլ ծրագիր չկայ, իսկ երբ լինեն վերակառուցման ծրագրեր, ապա ընթացակարգով, օրէնքով համապատասխան աշխատանքներ կ՛իրականացուեն», նշեց նախարարը:
Ըստ անոր, իրենց մասնագէտները յունուար 18-ին այցելած են Փակ շուկայ, իսկ յունուար 19-ին զեկուցած են այն մասին, որ ստորգետնեայ աշխատանքերուն առնչուած խնդիր չկայ, իսկ վերեւի աշխատանքներուն մասին առայժմ խօսք չկայ, քանի որ դեռ որեւէ նախագիծ գոյութիւն չունի:
Նշենք, որ Փակ-շուկան ընդգրկուած է Երեւանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական ցուցակին մէջ:
ԵՐԹ` ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ
ԵՒ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Երեւանի Պետական համալսարանի «Երիտասարդ համալսարանականներու միաւորում» կազմակերպութիւնը յունուար 19-ին կազմակերպած էր երթ դէպի Ծիծեռնակաբերդ` նուիրուած Պաքուի հայութեան ջարդերու եւ Հրանդ Տինքի սպանութեան յիշատակին: ԵՀՄ նախագահ Գէորգ Մելքոնեանի համաձայն, Պաքուի հայութեան ջարդերը Սումկայիթի մէջ սկիզբ առած հայերու ջարդերուն շարունակութիւնն էին, որոնք այնուհետեւ շարունակուեցան Մարաղայի մէջ: «Եթէ միջազգային հանրութիւնը ժամանակին քաղաքական գնահատական տար եւ դատապարտէր Սումկայիթի եւ Պաքուի հայութեան ցեղասպանութիւնը, ապա մենք 2007-ին ականատեսը չէինք լինի Հրանդ Տինքի սպանութեանը: Ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Սումկայիթի կոտորածները, ինչպէս նաեւ «Ակօս» թերթի խմբագրի սպանութիւնը կատարուեցին միայն այն պատճառով, որ հայ էին: Ցաւօք հակահայկական թուրք-ազրպէյճանական քարոզչութիւնը շարունակւում է», ըսաւ Գէորգ Մելքոնեան:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ Է «ԳՐՊԱՆԻ ԵՐԳԱՐԱՆ»
ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԸ
«Գրպանի երգարան» 7 հատորեայ գիրքի առաջին մատենաշարը արդէն իսկ լոյս տեսած է: Այս մասին տեղեկացուցած է լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հրատարակիչ Սամուէլ Հարոյեան: Ան նշած է, որ երգարանը մինչեւ հրատարակուիլը անցած է երկար ճանապարհէ: «Գրքոյկը բաղկացած է 7 հատորներէ: Էջերը ձեւաւորուած են ըստ խօսքի: Նկատի առնուած է գրքոյկին արտաքին տեսքը, որովհետեւ անիկա կրնայ նպաստել ընթերցողին մօտ հետաքրքրութիւն յառաջացնելուն», հաղորդած է Սամուէլ Հարոյեան: Ան շարունակած է` յայտնելով, որ` «Առաջին գրքոյկը տեղեկատու է երգի նշանակութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը բովանդակէ հետաքրքրական խորագիրներ: Իսկ մնացեալ վեցը երգարաններ են եւ վերնագրուած են այբուբենի տառերով: Նաեւ կայ ձայնասկաւառակ, որ կը պարունակէ 223 երգ եւ տուտկի տեսքով գրիչ», տեղեկացուցած է Ս. Հարոյեան:
«Այս գրքոյկին միջոցով մենք պիտի ունենանք մեր ընկեր երգարանը, որ դեռ պիտի համալրուի մաշտոցեան այբուբենի 30 զինուորներով», յայտնած է ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեան:
Գրքոյկը կազմելու ժամանակ յառաջացած դժուարութիւններէն մէկը եղած է անկախութիւն երգերուն ներկայացումը: «Դժուար էր անկախութեան ժամանակի երգերէն ծաղկաքաղ կատարել եւ ժողովուրդին ներկայացնելը: Սակայն կը կարծեմ, որ այս երգերը պիտի դառնան ոսկեայ ֆոնտին մէկ մասնիկը», աւելցուցած է խմբագրական կազմի անդամ Արմէն Դարբինեան:
Տեղեկացնենք, որ գիրքէն տպագրուած է 1000 օրինակ եւ յառաջիկային պիտի շարունակուի տպագրուիլ:
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ
ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է «ՄԵՆՔ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆ ԵՆՔ»
ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
20 յունուարին Յ. Թումանեանի տուն-թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է «Մենք անկախութեան սերունդն ենք» խորագիրով մանկապատանեկան գեղանկարչական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին: Ցուցահանդէսին կազմակերպիչն էր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Մշակութային կրթութեան աջակցութեան հիմնադրամը, իսկ անիկա իրականացաւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Արարատեան հայրապետական թեմի աջակցութեամբ:
Ցուցահանդէսին մասնակցած են Հայաստանի բոլոր մարզերու գեղարուեստի եւ արուեստի դպրոցներու 6 – 15 տարեկան թիւով 120 աշակերտներ: Ցուցահանդէսին նուիրուած` 2011 թուականին լոյս տեսած է «Մենք անկախութեան սերունդն ենք» խորագիրով ծաւալուն պատկերագիրքը, որուն մէջ ամփոփուած են ո՛չ միայն ցուցահանդէսի մասնակից պատանի նկարիչներու գործերը, այլեւ կազմակերպիչներու ուղերձները` ուղղուած անկախութեան սերունդին: Պատկերագիրքին մէջ ներառուած են նաեւ ճանաչողական հետաքրքրական դրուագներ` սկսած Նոյի որդիներու ծննդաբանութենէն` Արամի գիրքը, ըստ Ս. Գիրքին: Համառօտ ակնարկով ներկայացուած է Հայոց պետականութեան պատմութիւնը վաղ պետական կազմաւորումներէն` Հայկ դիւցազնէն մինչեւ Հայաստանի մերօրեայ հանրապետութիւնը: Պատանի ընթերցողը տեղեկութիւններ պիտի կարենայ ստանալ Հայաստանի զինանշանին, դրօշակին, քայլերգին, պետական պարգեւներուն, մետալներուն, դրամին եւ յուշադրամներուն մասին:
Յայտնենք, որ պատկերագիրքին հրատարակութեան աջակցած են Հայաստանի կառավարութիւնը, Արարատեան հայրապետական թեմը, աշխարհի հայ նկարիչներու միաւորումը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ
ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է «ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԸ ՀԱՅԵՐՈՒ ԱՉՔԵՐՈՎ»
ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
20 յունուարին «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ բացումը կատարուած է «Հնդկաստանը հայու աչքերով» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Հայ-հնդկական բարեկամութեան կազմակերպութեան եւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանտան աջակցութեամբ եւ նուիրուած է Հնդկաստանի Հանրապետութեան 63-րդ տարեդարձին:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած է Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Աչալ Կումար Մալհոթրան, որ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր ներկաներուն եւ նշած է, որ հիմա երբ շփումը կ՛իրականացուի մասնաւորաբար համացանցի միջոցով, նմանօրինակ ցուցահանդէսները անհրաժեշտ են երկու ազգերու միջեւ շփումը եւ ծանօթացումը զարգացնելու համար:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 11 հեղինակներու մօտաւորապէս 50 լուսանկարներ: Իսկ ցուցահանդէսին նպատակը եղած է Հնդկաստան այցելած հայ ճամբորդներուն կողմէ իրականացուած լուսանկարներով ներկայացնել Հնդկաստանի մշակութային եւ պատմական հրաշքները:
Ըստ կազմակերպիչներուն, ցուցահանդէսին ներկայ գտնուած են բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն հնդկական մշակոյթը: Ցուցահանդէսը ծառայած է Հայաստանի մէջ հայ-հնդկական ամբողջ համայնքին միաւորման եւ մտքեր.. տպաւորութիւններ փոխանակելու իրարու եւ ուրիշներուն:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ «ԵՐԲ ՁԻՒՆՆ Է ԻՋՆՈՒՄ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ
ՎԻՊԱԿԻՆ ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Արտաշատի մէջ կայացաւ անուանի գրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկուն` «Երբ ձիւնն է իջնում» խորագիրով վիպակին բեմականացուած ներկայացման առաջնախաղը, որ ընդունուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ:
Աւելի քան 100 տարի անցնելէ ետք, Հայաստանի մէջ կրկին անգամ բեմ բարձրացաւ Ա. Ահարոնեանի ստեղծագործութիւնը, որ մեր օրերուն մշակութային մեծ իրադարձութիւն է եւ անուանի գրագէտին անուան եւ գրական վաստակին համար յարգանքի մատուցում է:
Նշենք, որ նախորդ տարի ամբողջացաւ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 145-ամեակը:
ՎԵՐՋԵՐՍ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՀԱՅՈՑ ՀՆԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ԷՋԵՐ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ
Վերջերս Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայագէտ, բնագէտ Համլեթ Մարտիրոսեանի «Հայոց հնագոյն պատմութեան էջեր» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը հայագիտական աշխատութիւն է: Գիրքին հեղինակը աւելի քան 20 տարի զբաղած է հայագիտութեամբ, իսկ առաջին հայագիտական յօդուածը տպագրած է 1987-ին:
«1996-ին, երկար պրպտումներէ ետք, 400 էջնոց գիրք մը գրեցի եւ տեսայ, որ անիկա զիս չի գոհացներ, որովհետեւ հասկցայ, որ քալած եմ այն ճանապարհէն, որմէ կը քալեն բոլորը: Այդ 400 էջերուն մէջ չտեսայ ա՛յն խօսքը, որ միայն ինծի կը վերաբերէր, եւ սկսայ փնտռել, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պէտք է ընթանամ: Երկար պրպտումներէ ետք յանգեցայ այն եզրակացութեան, որ այդ նիւթը հայկական ժայռապատկերներն են, որոնք իբրեւ հնագիտական նիւթ` ամէնէն հինը եւ ամէնէն ամբողջականն են: Ժայռապատկերներէն կարելի է նոր տեղեկութիւններ քաղել հայ ժողովուրդի պատմութեան, ծագումնաբանութեան եւ միւս յարակից հարցերուն մասին: Քանի մը տարիներու ընթացքին այդ հետազօտութիւններուն արդիւնքները ամփոփուեցան երեք գիրքերու մէջ», նշած է Համլեթ Մարտիրոսեան:
«Հայոց հնագոյն պատմութեան էջեր» գիրքը հեղինակին չորրորդ հայագիտական աշխատութիւնն է:
Անիկա բաղկացած է չորս մասերէ: Առաջինին մէջ` «Եդեմ երկրային եւ երկնային» խորագիրով, հեղինակը միջագետեան սեպագիր աղբիւրներու եւ հայերէնի տուեալներու հիման վրայ կը բացատրէ Եդեմի անուանումները եւ կը ճշդէ Եդեմէն բխող չորս գետերուն սեպագիր աղբիւրները եւ Հին կտակարանի մէջ յիշատակուող անուանումները եւ կը ստուգաբանէ զանոնք»:
Գիրքին երկրորդ եւ երրորդ մասերուն մէջ` «Եդեմի արխիւը», «Հայկական նշանագրերու ուղին պալեոլիթէն մինչեւ միջնադար» կը բերուին գրաւոր վկայութիւններ, որ Սիւնիքի ժայռապատկերները փորագրած են «Նախաջրհեղեղեան նահապետները»: Նշանագրի մը օրինակով ցոյց կը տրուի Սիւնիքի նշանագրերու անընդհատ գործածութիւնը Հայաստանի մէջ վերին հին քարէ դարէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը եւ անոնց առկայութիւնը շումերական եւ եգիպտական գիրերուն մէջ:
Գիրքին վերջին մասը` «Հիքսոսներու առեղծուածը», նուիրուած է հիքսոսներուն: Հնագիտական, դիցաբանական եւ լեզուաբանական տուեալներու հիման վրայ ներառուած է հիքսոսներու հայկական ծագման վարկածը:
Նշենք, որ Համլեթ Մարտիրոսեանի «Հայոց հնագոյն պատմութեան էջեր» գիրքը նախատեսուած է ինչպէս մասնագէտներու, այնպէս ալ ընթերցողներու լայն շրջանակներու համար:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

