ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ԿԵՐԹՄԵՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Կէրթմենեան վարժարանի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 13 յունուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին,վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական երեկոյ` մասնակցութեամբ վարժարանի աշակերտութեան:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան: Ան յայտնեց, թէ Ս. Ծնունդի առիթով աշակերտները ներկայացուցած էին թատրոն մը` «Թագաւորը, որ ջնջնեց Ս. Ծնունդի տօնակատարութիւնը» խորագիրով: Ուզած են, որ ծնողներուն դիմաց ալ ներկայացուի, որովհետեւ բաւական յաջող եղած է: Տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մարալ Տէր Խաչատուրեանին եւ Արուս Փաշիկեանին, որոնց անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ իրագործուած էր թատրոնը:
Նախքան թատրոնի ներկայացումը` վարժարանին երգչախումբը ներկայացուց երգ մը: Ապա փոքրիկ դերասանները բեմ բարձրանալով` յաջողութեամբ մեկնաբանեցին իրենց վստահուած դերերը:
Աւարտին մասնակցողները ստացան «Մանկա մեսիա» գրքոյկէն օրինակներ:

