ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը այսու կու գայ հաղորդելու, թէ մեծարգոյ տիար Գէորգ Արապեան 2008-2009 դպրոցական տարեշրջանի հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր վեհանձն ու ազգօգուտ միտք ունեցաւ` օժանդակելու վարժարանիս կարիքաւոր սաներուն պատուաբեր կրթանպաստով:
Տիար Գէորգ Արապեան, որպէս բարեսիրտ հայր եւ մանաւանդ որպէս ճշմարիտ հայ, աւելի քան երեք տարիներէ ի վեր վարժարանիս մեծ բարերար ու զօրավիգ է:
Շնորհիւ իր բարեացակամ օգնութիւններուն` մեր կարիքաւոր հայ աշակերտները կը շարունակեն հայօրէն դաստիարակուիլ Սրբոց Հռիփսիմեանց քրիստոսանուէր, հայաշունչ վարժարանէն ներս:
Մինչեւ օրս, որպէս կրթանպաստ, տիար Գ. Արապեան յատկացուցած է 39,000 ամ. տոլար, իսկ նախակրթարանի շէնքին, դասարաններուն վերանորոգման եւ բարեզարդման համար` 35,000 ամ. տոլար: Այս տարի իր առատաձեռն նուիրատուութենէն բաժին հանեց նաեւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանին` որպէս սկիզբ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանին` որպէս սկիզբ նուիրելով 10,000,000 լ. ո. եւ 3,000 ամ. տոլար:
Մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք տիար Գ. Արապեանին` իր նպաստները շարունակելու բարի կամեցողութեան եւ խոստումին համար:
Արապեաններու գոյութիւնն ու օրինակը առաւել եւս պիտի զօրացնեն սփիւռքի տարածքին հայութեան գոյապայքարին ի խնդիր ծառայողներուն կամքն ու նուիրումը եւ պիտի հզօրացնեն մեր ժողովուրդը:
Թո՛ղ Աստուած առաւելագոյնս վարձատրէ սիրելի պրն. Գէորգ Արապեանը եւ իրեն պարգեւէ երկա՜ր, քաջառողջ կեանք:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

