ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻՆ ԴՈԿՏ. ԼԵՒՈՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ «ՍԱՍՈՒՆԻ, ՎԱՆԻ, ԳԱՐԴՄԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԴԱՇՏԻ ՀԱՅՈՑ ԾԻՆԱՅԻՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին եւ ներկայութեամբ գիտական թէ ակադեմական ուսանողներու եւ անձնաւորութեանց, դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ երկուշաբթի, 23 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:
Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական ամպիոնին անունով Արմէն Իւրնեշլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան բանախօս փրոֆ. դոկտ. Լեւոն Եպիսկոպոսեանը: Իւրնեշլեան թուեց դասախօսին ուսումնական, ակադեմական վկայականներն ու իրագործումները` նշելով, որ ան հեղինակ է հայ ազգաբնակչութեան ծինաբանական եւ յարակից նիւթերու առնչուող գիրքերու, նմանօրինակ բազմաթիւ ուսումնասիրութեանց կողքին: Ան ընդգծեց, որ դոկտ. Եպիսկոպոսեան արժանացած է բազմաթիւ հեղինակաւոր մրցանակներու եւ պատուոյ գիրերու: Ապա Իւրնեշլեան խօսքը փոխանցեց դասախօսին:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հայրենի փրոֆեսէօրը սահիկներու օժանդակութեամբ ներկայացուց հայ ժողովուրդի, յատկապէս գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան ծինաբանական ծագումնաբանութեան տուեալները: Առաւելաբար «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեանց արդիւնքներուն վրայ հիմնուած ուսումնասիրական այս աշխատանքները կ՛ընդգրկեն նաեւ Արեւելեան Հայաստանի, կեդրոնական Իրանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները:
Դոկտ. Եպիսկոպոսեան յայտնեց, որ իր եւ գործընկերներուն աշխատանքը կը միտի փաստացի տուեալներով ջրել հայ ժողովուրդի ծագումնաբանութեան մասին յերիւրուող տարաձայնութիւններն ու անհիմն հարցումները, թէ արդեօք հայերը բնիկ ժողովո՞ւրդ են, թէ՞ եկած են Պալքաններէն: «Ժամանակը կ՛ընթանայ ի վնաս մեզի», ընդգծեց հայրենի ակադեմականը` նշելով, որ հայ ժողովուրդը ունի աւելի քան հարիւր բարբառներ: Դոկտ. Եպիսկոպոսեան աւելցուց, որ արդէն երկու տարիէ ի վեր ընթացք առած է «Յուշամատեան» ծրագիրը, որ կը վերաբերի յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի պատմութեան:
Խօսելով հայկական «Տի. Էն. Էյ.»-ի ծրագիրին (DNA projet) մասին, փրոֆ. Եպիսկոպոսեան յայտնեց, որ այդ աշխատանքը նաեւ կ՛ընդգրկէ տուեալներ համշէնահայերու ծագումնաբանութեան եւ կեդրոնական Ասիոյ (Թիւրքմենիստանի) օղուզներուն հետ անոնց առնչութեան հաւանականութեան մասին: «Արդեօ՞ք կեդրոնական Ասիոյ ժողովուրդները հետք ձգած են մեր ծագումնաբանական պատմութեան մէջ», այս եւ նման հարցումներ յաճախ կը տարաձայնուին` փորձելով մեզ ոչ բնիկ, եկուոր նկատել: «Իմ ծագումս Գանձակէն է, որ ներկայիս Հայաստանի սահմաններէն դուրս է եւ հետեւաբար կարելի չէ ծագումնաբանական ուսումնասիրութիւն կատարել այնտեղ», շարունակեց դոկտ. Լեւոն Եպիսկոպոսեան` դիտել տալով, որ ազրպէյճանցի եւ յատկապէս թուրք պատմագէտներ ու գիտնականներ կը փորձեն խանգարել ու արգիլել մեր այս աշխատանքը: Յատկապէս Թուրքիա կը պնդէ ժխտել Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ քաջ գիտէ, թէ նման քայլի մը ճանաչման պիտի յաջորդէ գրաւեալ հայկական շրջաններու ծագումնաբանական ուսումնասիրութիւնը, ինչ որ առաւել եւս պիտի հաստատէ, որ հայ ժողովուրդի զաւակները այդ հողերու բնիկ ազգաբնակչութեան հարազատ ժառանգորդներն են: «Արեւմտեան Հայաստանի, յատկապէս Սասունի, Վանի, Արարատեան դաշտի եւ Գարդմանի ծինային ուսումնասիրութեանց մեր տուեալներուն համաձայն, աւելի քան 6500 տարուան անցեալ ունի հայ ժողովուրդը հայրենի հողերուն վրայ», ընդգծեց Եպիսկոպոսեան` նշելով, որ նման աշխատանք կը տարուի կեդրոնական Իրանի քիւրտերուն եւ հրեաներուն ու Հայաստանի ասորիներու ծինային ծագման գծով: Պայազիտի, Խոյի, Սիւնիքի եւ Ալաշկերտի գծով պրպտումները պիտի կատարուին յառաջիկային:
Անդրադառնալով նշեալ շրջաններու հայութեան` հայրենի գիտնականը «ողբերգական ու ցաւալի» նկատեց Արարատեան դաշտի շրջանին վիճակը` յիշեցնելով, որ հայեր եօթներորդ դարէն սկսեալ արդէն հեռացած են հոնկէ` արաբական արշաւանքներուն պատճառով: Իսկ Ազրպէյճանէն վերջին հայը հեռացած է 1997-ին` նշելով Սումկայիթի ջարդն ու հետեւանքները: «Գրեթէ հայութիւն չէ մնացած Արարատեան դաշտին մէջ, միակ գիւղը, ուր բնիկ հայեր կան` Օշական գիւղն է», աւելցուց փրոֆ. Եպիսկոպոսեան:
Մեր պրպտումներուն պատմութիւնը կը բաղկանայ երեք` հայրական, մայրական ու խառն տուեալներու ուսումնասիրութիւններէ:
Արեւելեան Թուրքիոյ գծով մեր պրպտումները կը հաստատեն, որ այդ շրջանի միայն 6-7 առ հարիւր համեմատութիւնը կապ ունի թրքական ծինային ծագումնաբանութեան հետ: Մեր տուեալները կ՛երթան մինչեւ Նէոլիթ եւ պրոնզէ դար: Ազրպէյճանի ակադեմականները ունին յատուկ պատուէր` ապացուցելու, որ հայերը այդ շրջանին բնիկ ժողովուրդը չեն:
Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Եպիսկոպոսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի պատկան մարմնին եւ տոքթ. Փիթըր Հրեշտակեանին: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

