«ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՎԱՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎՏԱՆԳԵՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ

Էտուարտ Շեւարտնածէ

Ռուսական «Վզ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախկին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէ խստիւ քննադատած է Վրաստանի իշխանութիւնները, որոնք «չեն կրնար Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել»:

«Եթէ չկարենաք ատիկա ընել, ապա միշտ ալ Վրաստանի անկախութիւնը կորսնցնելու մտավախութիւն պիտի ունենաք: Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ոչ միայն զգուշութիւն պէտք է, այլ նաեւ անկեղծութիւն», ըսած է Շեւարտնածէ:

Ան աւելցուցած է, որ չի կասկածիր անկեղծութեանը Վլատիմիր Փութինի, որ վերջերս յայտարարած էր վրացի ժողովուրդին հետ հասարակաց լեզու գտնելու պատրաստակամութեան մասին:

«Սահակաշվիլի քիչ կարելիութիւններ ունի` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, իսկ Պիծինա Իւանիշվիլի պիտի կարենայ այնպէս ընել, որ կարելի ըլլայ վտանգէն խուսափիլ: Այդ իսկ պատճառով ան պէտք է երկրի նախագահ դառնայ», ըսած է Վրաստանի նախկին նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES