ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱՆԷՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՆԵՐԱԾՄԱՆ ԴԷՄ ԱՐԳԵԼՔ ՀԱՍՏԱՏԵՑ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Պրիւքսելի մէջ իրենց ժողովին ընթացքին Իրանէն քարիւղի ներածման դէմ արգելք հաստատող որոշում մը որդեգրեցին: Եւրոպական Միութիւնը Իրանի Կեդրոնական դրամատան դէմ եւս պատժամիջոցներ հաստատեց:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ պատժամիջոցներու նոր թղթածրարի ծիրին մէջ, որուն մէջ կը նշուի նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կողմէ իրանեան քարիւղի եւ անկէ բխած արտադրութեանց ներածումը փուլ առ փուլ դադրեցնելու հարցը, կ՛ենթադրուէր, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Թեհրանէն քարիւղ գնող միութեան բոլոր անդամները պէտք է լիովին դադրեցնեն ներածումը:
Ամէնէն շատ իրանեան քարիւղ ներածող երկիրներն են Յունաստանը, Իտալիան եւ Սպանիան: Յունաստանի մէջ իրանեան «սեւ ոսկիի» սպառումը կը հասնի 35 առ հարիւրի:
Նշենք, որ Իրան բազմիցս սպառնացած էր, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը որոշէ իրանեան քարիւղի ներածման դէմ արգելք հաստատել, ապա Թեհրան պիտի փակէ Արաբական եւ Օմանի ծոցերը իրարու միացնող Հորմուզի նեղուցը, որուն միջոցով կը կատարուի համաշխարհային մատակարարումներու շուրջ 40 առ հարիւրը: Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին յայտարարած էին, որ այդպիսի բան թոյլ պիտի չտան:
Մինչ այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկեան «Ապրահամ Լինքըլն» օդանաւակիրը Հորմուզի նեղուցին ճամբով մուտք գործած է Արաբական ծոց:
Օդանաւակիրին կ՛ուղեկցին բրիտանական եւ ֆրանսական մարտանաւեր: Արաբական ծոցին մէջ օդանաւակիրին յայտնուիլը նախապէս ծրագրուած էր եւ անցած է առանց արտակարգ միջադէպերու:
Դեկտեմբեր 2011-էն ետք, «Ապրահամ Լինքըլն»-ը առաջին ամերիկեան օդանաւակիրն է, որ կը յայտնուի Արաբական ծոցին մէջ, մինչ այդտեղ էր «Ճոն Սթենիս» օդանաւակիրը:
Թեհրան նախապէս Ուաշինկթընի սպառնացած էր, որ եթէ Արաբական ծոցին մէջ ամերիկեան այլ օդանաւակիր մը յայտնուի, Իրան պիտի փակէ Հորմուզի նեղուցը, որուն միջոցով կը տեղափոխուի աշխարհի քարիւղի ծովային փոխադրումներուն շուրջ 40 առ հարիւրը:
Բայց եւ այնպէս, Իրանի իշխանութիւնները 21 յունուարին փոխեցին իրենց դիրքորոշումը` նշելով, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ իրենց օդանաւակիրը ունին Արաբական ծոցին մէջ, ատոր մէջ ոչ մէկ տարօրինակ բան կայ:

