«ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՈՒՂՂՈՒԻԼԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Է» ԸՍԱՒ ՄՈԱԼԼԵՄ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ Դամասկոսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան զեկուցումը կարգ մը արաբներ դժգոհ ձգեց, ուստի անոնք ներկայացուցին քաղաքական ծրագիր մը, որուն մասին կանխաւ գիտէին, թէ Սուրիա պիտի մերժէ զայն, որովհետեւ անիկա Սուրիոյ գերիշխանութիւնը կը բռնաբարէ եւ անոր ներքին հարցերուն «անպատկառ» միջամտութիւն մըն է:
Մոալլեմ ըսաւ, որ այս որոշումը սուրիացի ժողովուրդին կամքէն անկախ Սուրիոյ ապագան ճշդելու փորձ մըն է: Ան մերժեց Արաբական լիկայի ժողովէն ետք լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ու Քաթարի վարչապետի մամլոյ ասուլիսին անդրադառնալ եւ բաւարարուեցաւ ըսելով. «Եթէ չես ամչնար` ուզածդ ըրէ»:
Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ արաբական երկիրները ահաբեկեցին Արաբական լիկայի դերը եւ ուղղուեցան Ապահովութեան խորհուրդ: Ան այդ քայլը սուրիական տագնապի միջազգայնացման համար նկատեց եւ ոչ թէ արաբական նախաձեռնութեան վաւերացման:
Սուրիոյ պետական պատասխանատու աղբիւր մը չորեքշաբթի օր «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Դամասկոս կը մերժէ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարներու մակարդակի ժողովէն բխած որոշումները` զանոնք նկատելով իր ազգային գերիշխանութեան բռնաբարում, իր ներքին հարցերուն անպատկառ միջամտութիւն եւ արաբական աշխատանքի ծրագիրէն ու լիկային հետ ստորագրուած արձանագրութենէն դուրս որոշումներ, որոնք կը հակասեն Արաբական լիկայի հիմնադրութեան նպատակին եւ անոր ուխտի 8-րդ յօդուածին:
Աղբիւրը նշեց, որ այդ որոշումները Սուրիոյ դէմ դաւադրական ծրագիրին մաս կը կազմեն:
Գահիրէի մէջ Սուրիոյ դեսպան եւ Արաբական լիկային մօտ անոր մնայուն ներկայացուցիչ Եուսեֆ Ահմետ իր կարգին «Սանա»-ին յայտնեց, որ լիկային կողմէ հրապարակուած որոշումը կ՛իյնայ քաթարեան կառավարութեան գլխաւորութեամբ կարգ մը արաբներու կողմէ ամիսներէ ի վեր որդեգրուած գործելաոճին ծիրին մէջ, որուն նպատակը Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ արտաքին ամէն ձեւի միջամտութեանց ճամբան հարթելն է:
Արաբական լիկան կիրակի գիշեր արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակի իր ժողովին ընթացքին որդեգրեց որոշում մը, որ կոչ կ՛ուղղէ երկու շաբաթէն Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութեան սկսելու եւ երկու ամիսէն ազգային միութեան կառավարութիւն կազմելու: Որոշումը նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ կ՛ուղղէ իշխանութիւնը փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհին յանձնելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական եւ նախագահական ազատ ընտրութիւններ կատարելու: Լիբանան նշեալ որոշումէն ինքզինք չէզոք պահած է :
Ռուսիոյ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով «ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Մոսկուա Ասատի համար յաւելեալ բան չի կրնար ընել: «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին դէմ վեթոյի իրաւունքի կիրարկումը նախագահ Պաշշար Ասատի` միջազգային գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը պահելու վերջին գործիքն էր: Որոշումին դէմ վեթոն Ռուսիոյ կողմէ Ասատին ուղղուած լուրջ պատգամ էր, սակայն այդ վեթոն սպառեցաւ եւ մեր քսակին մէջ այդպիսի ներուժ չմնաց: Ասատ պէտք է այս կեցուածքը յստակ կերպով կարդայ… Բարեփոխումները, բռնարարքներուն վերջ տալը եւ ազատ ընտրութիւնները… Այս է, որ սուրիական ղեկավարութիւնը այսօր անմիջապէս պէտք է կատարէ»: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Սուրիոյ շուրջ Արաբական լիկայի որոշումը` զայն նկատելով առանց արտաքին միջամտութեան տագնապին խաղաղ լուծում գտնելու ձգտող եւ երկրին գերիշխանութիւնը յարգող կարեւոր որոշում մը: Սակայն Մոալլեմ յայտնեց, որ Մոսկուայի կեցուածքը չէ փոխուած եւ կը մերժէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջազգային որեւէ միջամտութիւն, որ Ռուսիոյ համար «կարմիր գիծ» է:
Նշենք, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները երէկ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու պատուիրակութեան մաս կազմող իրենց դէտերը տուն կանչեցին: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, Արաբական լիկային մէջ արաբ դեսպանները պիտի քննարկեն արաբ դէտերու պատուիրակութիւնը Սուրիայէն հեռացնելու հարցը: Սուրիոյ մէջ դէտերու պատուիրակութեան ղեկավարը նշեց, որ լիկան ծոցի երկիրներէն 55 դէտեր հեռացնելու քայլերու որդեգրման կը պատրաստուի:
Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու ղեկավար Մոհամետ Տապի երէկ Գահիրէի մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, որ «ես լիկայի որոշումներուն հետ կապ չունիմ, եւ դէտերու առաքելութեան քաղաքական զօրակցութիւն պահանջեցի»: Ան նշեց, որ պատուիրակութեան առաքելութիւնը դիտարկում կատարելն է եւ ոչ թէ բախումները դադրեցնելը: Ան պնդեց, որ դէտերու պատուիրակութիւնը որեւէ սխալ չէ գործած:


