ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԼՈՔԸ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ԴԷՄ ԻՐ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին ան իր խիստ ընդվզումը յայտնեց  արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի դէմ` նկատի ունենալով Արաբական լիկային մէջ անոր դերակատարութիւնն ու կեցուածքները:

Մուսթաքպալ հոսանքին համաձայն, Արաբական լիկային մէջ Մանսուր սուրիական վարչակարգին պաշտօնական բանբերն է:

Նշենք, որ նախանցեալ օր Մանսուրի կեցուածքներուն դէմ  ընդվզումի նոյնանման արտայայտութիւն մը ունեցած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որուն նախարար Մանսուր պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Եթէ լռութիւնը ոսկի է, ապա բոլորս պէտք է լուռ մնանք, իսկ եթէ ժողովրդավարութեան կը ձգտինք եւ կը ջանանք զայն իրականացնել, ապա պէտք է յարգենք խօսքի ազատութիւնը, որ բոլորին արդար իրաւունքն է: Մենք ոչ ոքէ դասեր քաղելու կարիքը ունինք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES