ԿԱՆՑ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ԴՈՒՐՍ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼ»
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց յայտնեց, որ նոյնիսկ երբ Լիբանան – Իսրայէլ սահմանները հանդարտ են ու խաղաղ, Հըզպալլա կը շարունակէ Իսրայէլի դէմ գործել:
Զօր. Կանց նշեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Իսրայէլէն դուրս ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու` իսրայէլեան թիրախներու դէմ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախկին նախարար Մոշէ Արենզ «Հաարեց» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան եւ շրջանին խաղաղութեան: Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ամէն գնով Հըզպալլան զինաթափել:
CATEGORIES Լիբանանեան

