ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ

Զօր. Քահուաժի կը պարգեւատրէ Ասարթան

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Զօր. Քահուաժի դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ջանքերը` պահպանելու համար լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը:

Զօր. Քահուաժի բանակին եւ լիբանանցիներուն անունով դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը թիրախ դարձնող քստմնելի արարքները` ընդգծելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, զօր. Ասարթա շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Քահուաժիին` բարձր գնահատելով ՖԻՆԻՒԼ-ին հետ լիբանանեան բանակին գործակցութիւնը: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ այլ մշակոյթներու հետ մերձեցումի համամիտ եղող լիբանանցի ժողովուրդին կեցուածքին համար, ժողովուրդ մը, որ տարբեր քաղաքակրթութիւններու արժէք կը ներկայացնէ:

Բանակի հրամանատարը պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ սարքեց ընթրիք մը` ի պատիւ Ասարթայի, եւ զայն պարգեւատրեց յուշանուէրով մը:

Share this Article
CATEGORIES