ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԱՐԱՄԸ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց պետական նախարար Սելիմ Քարամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Քարամ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքին հոգեւոր հայրն է, այլեւ` բոլոր լիբանանցիներուն:

Քարամ կոչ ուղղեց քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող պետական նշանակումները կատարելու` ընդգծելով, որ Ռայի պատրիարքը մօտէն կը հետեւի այդ թղթածրարին եւ կը հսկէ բոլոր համայնքներուն ու յարանուանութիւններուն իրաւունքներուն:

Share this Article
CATEGORIES