ՖԱՅԵԶ ՔԱՐԱՄ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
Զինուորական ատեանը երէկ հանգստեան կոչուած զօրավար, Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանատուներէն Ֆայեզ Քարամի դէմ արձակեց դատական վճիռ մը, որուն հիման վրայ ան երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Զինուորական ատեանի դատախազ Ալիս Շապթինիի նախագահութեամբ ընթացող դատավարութեան ընթացքին մերժուեցաւ Քարամը իր քաղաքացիական իրաւունքներէն զրկելու պահանջը:
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն զօր. Ֆայեզ Քարամ ձերբակալուած էր Իսրայէլի հետ գործակցելու յանցանքով:
CATEGORIES Լիբանանեան

