ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ` ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
Թրքական թերթերը մեծաւ մասամբ իրենց երեքշաբթի օրուան թիւերուն մէջ անդրադարձան Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման քայլին:
«Հիւրրիյէթ» «Ան (Սարքոզի) ժողովրդավարութիւնը խանգարեց» խորագիրով իր լրատուութեան մէջ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտած է որոշումը եւ յայտնած, որ Թուրքիա բոլոր բեմահարթակներուն վրայ իր հակազդեցութիւնը պիտի ցուցաբերէ:
«Թիւրքիյէ» իր կարգին «Եւրոպա ինքզինք ուրացաւ» խորագիրով լրատուութեան մը մէջ յայտնեց, որ Ֆրանսայի ծերակոյտը այս օրինագիծը որդեգրելով քանդեց խօսքի ազատութիւնը, որ եւրոպական արժեչափերուն ամէնէն կարեւորներէն մէկն էր:
«Թուտէյզ Զաման» իր խորագիրին մէջ նշեց, որ «Ֆրանսա անտեսեց թրքական զգուշացումները եւ որդեգրեց հայկական «ցեղասպանութեան» օրինագիծը»:
«Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ծերակոյտին կողմէ օրինագիծի քննարկումներուն ընթացքին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Էրտողանի մասնակցութեամբ ժողով մը գումարած է` քննարկելու համար օրինագիծի որդեգրման պարագային որդեգրուելիք պատժամիջոցները: Քննարկուած են հետեւեալ տարբերակները.
– Օրինագիծը խափանելու համար օգտագործել միջազգային օրէնքի բոլոր կարելիութիւնները:
– Պատժամիջոցները պէտք է ըլլան շարունակական, ոչ թէ` ժամանակաւոր:
– Առաջին որոշումով Ֆրանսայէն Թուրքիա վերադարձած դեսպանը այս անգամ աւելի երկար ժամանակով տուն պիտի կանչուի:
– Ֆրանսայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները իջեցնել նուազագոյն մակարդակի:
– Յայտարարուող նուազուրդներուն մէջ ֆրանսական ընկերութիւններ պէտք չէ ըլլան:
– Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ զինուորական կցորդը տուն կանչել եւ չեղեալ յայտարարել Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի կցորդի հաւատարմագրումը:
– Թուրքիոյ օդային տարածքը փակել ֆրանսական զինուորական օդանաւերուն դիմաց:
– Թուրքիոյ նաւահանգիստները փակել ֆրանսական մարտանաւերուն դիմաց:

