ՊԱՔՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԷՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ներքին հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով «Եուրտ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ազրպէյճանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, նշած է, որ «Ազրպէյճան չէ յաջողած լուծել միայն մէկ խնդիր` ղարաբաղեան հարցը»:
Իսկ իր երկրին կարեւոր ձեռքբերումներէն ան առանձնացուցած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալը:
«Միջազգային ընտանիքը վերջին տարիներուն կ՛ապրի ամէնէն լարուած հոլովոյթները, ներառեալ` 2008-ի ելեւմտատնտեսական ճգնաժամը: Այդ իսկ պատճառով միջազգային ընտանիքն ու Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է առաւել զգայուն ու արդար ըլլան հրատապ հարցերուն առնչութեամբ որոշումներ կայացնելու առումով», ըսած է ան:
Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարը մեղադրած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ «անարդար» դիրքորոշում որդեգրելու յանցանքով: «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նկատմամբ այս հարցին մէջ կը կիրարկուի նոյն մօտեցումը, եւ երկու կողմերն ալ կը դիտուին մէկ տեսանկիւնէ», դժգոհած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:
Մամետով Արեւմուտքին կոչ ուղղած է «համաշխարհային հոլովոյթներուն մէջ արդար մօտեցում ցուցաբերելու, չցուցաբերելու պարագային` պիտի տուժեն բոլոր պետութիւնները, որոնց շարքին` համաշխարհային քաղաքականութեան ղեկավարները, որովհետեւ այդ ղեկավարութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է արդար ըլլալ»:


