ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ
Եթէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման նախօրեակին հակաֆրանսական բողոքի ալիք բարձրացաւ, ապա երէկ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ցոյցերը ունէին շնորհակալական եւ խաղաղասիրական բնոյթ:
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը երէկ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց, կազմակերպած էին հաւաք մը` Ֆրանսայի ծերակոյտին շնորհակալութիւն յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը ընդունելուն համար:
Անոնք նախապէս տեղի ունենալիք երթին մասին յայտարարած էին «Ֆէյսպուք»-ի «Շնորհակալական ցոյց… Ֆրանսա» էջին միջոցով: Երթին մասնակիցները դեսպանին շնորհակալական նամակ փոխանցելէն ետք շարունակեցին կոչեր արձակել եւ երգել հայրենասիրական երգեր: ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն միացած էին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամները, Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկային այս որոշման համար ֆրանսական պետութեան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնել:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մօտ երէկ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէր: Նախ մարդիկ ծաղիկներ զետեղած էին դեսպանատան առջեւ: Կէսօրին արդէն «Միասին» երիտասարդական շարժման գործիչները գացած էին դեսպանատան առջեւ, ուր ներկաները բարձր ձայնով «Մերսի» բացագանչած էին:
Շնորհակալութիւն յայտնողները բարձրացուցած էին պաստառներ «Կեցցէ՛ Ֆրանսան», «Ֆրանսան մեր բարեկամն է», «Շնորհակա՛լ ենք Ֆրանսային» գրութիւններով: Դեսպանատան մօտ կը գտնուէր նաեւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ղեկավար Կարէն Աւագեան: Ան Tert.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի ժողովուրդին եւ յոյս յայտնեց, որ այսպիսի հաւաքներ շուտով կատարուին այլ դեսպանատուներու առջեւ եւս: Ներկաներուն ողջունելու համար դուրս եկաւ դեսպան Հանրի Ռենօ:
Այնուհետեւ դեսպան Ռենօ ինք եւս շնորհակալութիւն յայտնեց այսպիսի ուշադրութեան համար: Քիչ ժամանակ անց, հաւաքի մասնակիցներուն միացան ՀՅԴ երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչները, անոնք ալ սկսան երգել հայրենասիրական երգեր` «Գինի Լից», «Գետաշէն», «Զարթիր Լաօ» եւ այլն:


