ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԷՆՔԸ «ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին խօսք արտասանելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը «ցեղապաշտական եւ խտրական», ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան «սպանդ» նկատեց: Ըստ էրտողանի, օրինագիծը «անարժէք եւ անվաւեր» է:

Էրտողան օրինագիծին դէմ քուէարկած «ճիշդ մտածելակերպ ունեցող» 86 ֆրանսացի ծերակուտականներուն կոչ ուղղեց` օրինագիծը Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին մօտ բողոքարկելու: Ան աւելցուց, որ եթէ օրէնքը վաւերացուի Թուրքիա Ֆրանսայի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրէ:

«Բոլոր անոնք, որոնք լուռ պիտի մնան ձեռնարկուած այս քայլերուն նկատմամբ, Եւրոպայի մէջ ֆաշականութեան ձեւաւորման ուղղուած քայլերուն հարցին մէջ «խուլ ականջ»-ի պիտի վերածուին», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Սատուլլա Էրկին դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը: Ան «Սի. Էն. Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած որոշումը մեծ անարդարութիւն մըն է եւ Թուրքիոյ նկատմամբ յարգանքի բացարձակ բացակայութեան ցուցանիշ»:

Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը զգուշացուց, որ եթէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ստորագրէ օրէնքը, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց վնասը մնայուն պիտի ըլլայ: Թուրքիոյ դեսպանատան բանբեր Էնկին Սոլաքօղլու ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Ֆրանսա ռազմավարական գործընկեր մը կորսնցնելու ընթացքի մէջ է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Անգարա կը դատապարտէ Ֆրանսայի ծերակոյտի որոշումը` թեր արտայայտուելու օրինագիծի մը, որ վառ արտայայտուած անպատասխանատուութեան օրինակ է:

Նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի որոշումը պատճառ պիտի դառնայ իր ռազմավարական գործընկերը կորսնցնելու, ինչպէս նաեւ կը նշէ, որ Թուրքիա նշեալ որոշումին դէմ պայքարելու համար բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն պիտի դիմէ: «Մենք խստիւ կը դատապարտենք անպատասխանատուութեան օրինակ հանդիսացող այս օրինագիծը եւ պատասխան քայլերը շուտով պիտի հնչեցնենք բոլոր ամպիոններէն… Օրինագիծի օրէնքի ուժ ստանալէն ետք մենք պիտի անցնինք նախապէս յայտարարուած միջոցառումներու ծրագիրի իրագործման: Մարդկային արժէքներուն եւ հասարակութեան խղճին դէմ եղող անիրաւ այս օրինագիծին առնչութեամբ Թուրքիա անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ: Այս հարցին մէջ մենք վճռական ենք», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու յայտնեց, որ Անգարա Փարիզի մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը գործավարի մակարդակի կրնայ նուազեցնել, իսկ ծերակոյտին որոշումը կրնայ ՕԹԱՆ-ի երկու դաշնակիցներուն յարաբերութիւնները խզել: Նշենք, որ ըստ դիւանագիտական յարաբերութեանց վերաբերեալ Վիեննայի ուխտին, գործավարի մակարդակը դիւանագիտական ներկայացուցչութեան նուազագոյն մակարդակն է:

Պուրճուօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա երբեք այսպիսի օրէնք մը պիտի չընդունի: «Կրնաք երեւակայել ամէն ինչ եւ որեւէ բան, որովհետեւ ասիկա Թուրքիոյ համար զգայուն հարց մըն է: Այժմ բոլորը որոշ գին պիտի վճարեն, ներառեալ` Թուրքիան, Ֆրանսան եւ Հայաստանը», ըսաւ ան լրագրողներուն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ ֆրանսական «Քանալ Փլիւս» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ հանդարտութեան կոչ ուղղեց` նշելով, որ իր երկիրը «տնտեսական եւ քաղաքական այդ մեծ ուժին իր ձեռքը կ՛երկարէ»: «Կ՛ուզեմ մեր թուրք բարեկամներուն հանդարտութեան կոչ ուղղել… Ձեռք կ՛երկարենք այս մեծ երկրին, տնտեսական եւ քաղաքական այս մեծ ուժին», ընդգծեց Ժիւփէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES