ՏՈՄՍ. ԱՅՍ ԷՐ ՊԱԿԱՍ
Երեքշաբթի, 15 մարտ 2011:
Կը հետեւէի լիբանանեան պատկերասփիւռի մէկ կայանի յայտագիրին, որ յատկացուած էր երաժշտական մրցանքի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին նաեւ լիբանանահայեր: Մրցանքին նպատակն էր քաջալերել եւ յայտնաբերել լիբանանցի տաղանդներ:
Ըսուած է` «Արուեստը արուեստի համար». ճիշդ է, բայց` առանց սկզբունքներ ոտնակոխելու եւ ապիկարութիւններ ցոյց տալու, այն ալ` Լիբանանի երգարուեստի տիտաններուն կողմէ: Իսկապէս զարմանալի է: Կարելի՞ է պատկերացնել Ռահպանի ընտանիքի անդամներուն ելոյթը` ուղղակի սփռուած պատկերասփիւռէն, ուր կը քաջալերուին թրքական երգն ու անոր կատարողը:
Կը սպասէի լիբանանահայ ներկայացուցիչներու ելոյթին, ինչպէս նաեւ` ռատուաններու, շարպելներու եւ փոլերու փայլուն կատարումներուն, երբ յանկարծ, չես գիտեր ինչո՛ւ, հայր ու որդի արուեստագէտները այդ թուրք էգին դիմաց հիացած` թելադրեցին անոր, որ իր յաջորդ ելոյթին թրքերէն երգով մը հանդէս գայ:
Ա՛յս էր պակասը:
Թրքական ցունամիին դիմաց արաբական աշխարհը ի՞նչ կեցուածք պիտի ճշդէ: Թուրքերը արաբական տնտեսական շուկան շատոնց ողողած են: Իրենց բոլոր ձախաւերութիւնները մոռնալով` քաղաքական ասպարէզ մուտք գործեցին: Արաբական ֆիլմաշխարհը թրքութիւն կը հոտի արդէն, իսկ հիմա երաժշտական ոլորտը կը բռնաբարեն պաշտօնապէս, ան ալ, ո՛վ զարմանք, տեսէ՛ք` որո՛ւն քաջալերանքով ու թելադրանքով…
Աստուած աւելի մեծ փորձանքէ ազատէ արաբական մշակոյթը:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԽՕՇԵԱՆ
17/3/2011
Այնճար